Փիթըր Պալաքեան արժանացաւ «Փուլիցըր» մրցանակին

Փիթըր ՊալաքեանՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի, ապրիլ 18ի յետմիջօրէին, «Փուլիցըր» հիմնարկին կողմէ յայտարարուեցաւ, թէ Փիթըր Պալաքեանի «Օզոն Ճուրնըլ» բանաստեղծութիւններու հատորը արժանացած է այս տարուան «Փուլիցըր» հեղինակաւոր մրցանակին՝ բանաստեղծութեան բաժանմունքին մէջ։

Հիմնարկը, որ լրագրութեան, խմբագրութեան, լուսանկարչութեան, երաժշտութեան, գրականութեան ու այլ մարզերու մէջ տարեկան մրցանակներ կը շնորհէ, այս տարի կը տօնէ իր հարիւրամեակը։

Ակնարկելով Պալաքեանի գործին՝ մրցանակներու վարիչ Մայք Փրայտ յայտարարած է. «Բանաստեղծութեանց այս հաւաքածոն ականատես կը հանդիսանայ վաղեմի կորուստներու եւ ողբերգութեանց, որոնք ներկայ ժամանակներու համաշխարհային վտանգներուն եւ անորոշութեանց ետին կը կանգնին»։

Պալաքեանի «Օզոն Ճուրնըլ» հատորը, որ լոյս տեսած է «Շիքակօ» հրատարակչատունէն, հետաքրքրական կապեր կը գծէ Հայոց Ցեղասպանութեան, Միացեալ Նահանգներու բնիկներուն, Նայրոպիի չքաւորներուն եւ այլ իրաւազուրկներու, ինչպէս նաեւ՝ կենսոլորտի ջերմութեան եւ «Էյտզ» հիւանդութեան միջեւ, փորձելով կորուստներէն եւ աղէտներէն իմաստ մը պեղել։

«Քոլկէյթ» համալսարանի դասախօս Փիթըր Պալաքեանը հեղինակն է շարք մը այլ բանաստեղծական հատորներու, ինչպէս նաեւ ինքնակենսագրական՝ «Ճակատագրի Սեւ Շունը» հատորին, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու հակազդեցութեան նուիրուած «Այրող Տիգրիսը» պատմագիտական գործին ու արձակ այլ ստեղծագործութիւններու եւ յօդուածներու: Ան նաեւ թարգմանական աշխատանք կատարած է, ինչպէս՝ Գրիգորիս Պալաքեանի «Հայկական Գողգոթան»:

Անգլիագիր Պալաքեանի գործերը թարգմանուած են հայերէնի, արաբերէնի, պուլկարերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի, յունարէնի, հոլանտերէնի, եբրայերէնի, ռուսերէնի, սերպ-խրուաթերէնի եւ թրքերէնի: Անոր «Ճակատագրի Սեւ Շունը» հատորը արժանացած է «ՓԵՆ-Ալպրենտ» մրցանակին։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ