Հրանդ Տինքի սպանութեան դատին նոր հանգրուանը սկսաւ

Հրանդ ՏինքԱպրիլ 19-ին սկսաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան նոր հանգրուանը, որուն ընթացքին առաջին անգամ դատարան պիտի ներկայանան այս ոճիրին մէջ պատասխանատու նկատուող պետական պաշտօնեաներ, ընդամէնը՝ 34 հոգի, որոնցմէ ութը արդէն իսկ ձերբակալեալ վիճակի մէջ է։ Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին՝ դատական այս նիստը պիտի աւարտի ապրիլ 21-ին։

Հրանդ Տինքի սպանութենէն ութ տարի ետք միայն, ակնարկները առաջին անգամ կեդրոնացած են պատասխանատու պետական պաշտօնեաներու վրայ, որոնց շարքին կան յայտնի դարձած անձեր, ինչպէս՝ ապահովութեան լրաքաղութեան բաժինի պետ Էնկին Տինչ, լրաքաղութեան բաժինի նախկին նախագահ Ռամազան Աքիւրեք, այդ շրջանի Պոլսոյ լրաքաղութեան մասնաճիւղի պետերէն Ալի Ֆուատ Եըլմազեր եւ ուրիշներ։ Անոնց հասցէին պատրաստուած են զանազան ամբաստանութիւններ, ինչպէս՝ ճշմարտութիւնը քօղարկել կամ կեղծ պաշտօնաթուղթեր պատրաստել, ահաբեկչական կազմակերպութիւն հիմնել, պարտականութիւնը չարաշահել, թերացում կատարել ու պատճառ դառնալ մէկու մը սպանութեան եւ այլն։
Նշենք, որ դատախազութիւնը պետական այս պաշտօնեաներէն շատերուն համար ցկեանս բանտարկութիւն կը պահանջէ։

Նաեւ, ինչպէս նախորդ դատական նիստերուն ընթացքին, այս անգամ եւս Տինքի բարեկամները բողոքի ցոյց մը կազմակերպած էին դատարանին առջեւ։

http://www.yerakouyn.com/?p=106382

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ