Չեխիոյ հայ համայնքը Եւրոմիութենէն պիտի պահանջէ արժանի գնահատական տալ 1915 թուականի դէպքերուն

Չեխիոյ Հայ ՀամայնքըՉեխիոյ հայ համայնքը պիտի դիմէ Եւրոմիութեան վերանայելու իր մօտեցումը եւ 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայերու նկատմամբ իրականացուցած ցեղասպանութեան տալու արժանի գնահատական:

Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է «Ուրարտու» հայ-չեխական միութեան նախագահ Ալեքսանդր Սարգսեան:

Չեխիոյ մէջ կը գործէ «Ապրիլ 24 կոմիտէ», որ արդէն շուրջ 5 տարիէ կը համակարգէ Ապրիլ 24-ի ծրագիրները: Այս տարի որոշուած է, որ ապրիլքսանչորսեան ձեռնարկները պիտի սկսին Ապրիլ 22-ին, պիտի շարունակուին 23-ին եւ պիտի եզրափակուին 24-ին: Մեկնարկը պիտի տրուի Ապրիլ 22-ին Եիհլաւա քաղաքին մէջ: Այնտեղ տեղադրուած է խաչքար, ուր հայ համայնքի ներկայացուցիչները ծաղիկներ պիտի խոնարհեն, ծաղկեպսակ պիտի դնեն` յարգելով Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը: Այնուհետեւ տեղի Սուրբ Հոգի եղեկեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի պատարագ, մոմավառութիւն: Ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Ապրիլ 23-ին Պռնօ քաղաքին մէջ:

Ապրիլ 24-ին Պրահայի մէջ տեղի հայկական եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի պատարագ, ծաղկեպսակ պիտի դրուի Ֆրանց Վերֆելի յուշաքարին մօտ, իսկ յետոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները երթով պիտի մեկնին դէպի Պրահայի մէջ տեղադրուած խաչքար:

«Մեր գլխաւոր ուղերձը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 101 տարի անց ոչինչ մոռացուած է: Հայ ազգը պահանջատէր է, 101 տարին ոչ թէ վերջն է, այլ նոր գործի սկզբն է»,-ըսած է Ալեքսանդր Սարգսեան: Անոր տեղեկացումով նամակ պիտի փոխանցեն Չեխիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան, ինչպէս նաեւ պիտի դիմեն Եւրոմիութեան գրասենեակ վերանայելու իր մօտեցումը եւ ճիշդ գնահատական տալու անցեալին մէջ կատարուածին: Ալեքսանդր Սարգսեան ընդգծած, որ յանցագործը պէտք է պատժուի:

http://www.yerakouyn.com/?p=106269

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ