ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ո՛չ ցեղապաշտութեան եւ ազգայնամոլութեան» (DurDe) թրքական հարթակը Պոլսոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած համաժողով մը կազմակերպած է. այս մասին կը գրէ «Ակօս» թերթը:
Ժողովի առաջին նիստին քննարկուած է նշանաւոր լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք հայոց պայքարը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
Մարդկային իրաւանց պաշտպան Ճուլիտէ Թունաքան խօսած է ամօթի զգացումին մասին՝ նշելով, որ իրենք չեն ճանչցած այն մարդիկը, որոնց հետ կողք-կողքի ապրած են, եւ ցաւ յայտնած է այն բանին համար, որ Տինքը ճանչցած է՝ միա՛յն անոր սպանութենէն ետք:
Իսկ «Արմէն» որբանոց-ճամբարի քանդումին դէմ պայքարող Արեւ Միրաքեան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Յոյսով դիմադրեցինք եւ յաղթեցինք: Հիմա, յոյսով խաղաղութիւն կ՛ուզենք»։
Երկրորդ նիստը կրած է «Ցեղասպանութեան ժխտումն ու թրքական պաշտօնական փաստարկները» խորագիրը: «Պիլկի» համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ներկայացուցիչներէն՝ Պիւլենթ Պիլմեզ, անդրադառնալով ժխտման քաղաքականութեան՝ ըսած է. «Պետութիւնը երկար ժամանակ կ՛անտեսէր Ցեղասպանութեան հարցը, եւ ԱՍԱԼԱէն ետք միայն սկսաւ ժխտելու զայն»: Պիլմեզ նշած է, որ «DurDe»ի նման նախաձեռնութիւններուն եւ Ցեղասպանութեան հարցը իրենց ծրագիրներուն մէջ ներառած կուսակցութիւններուն շնորհիւ, այդ ժխտողականութիւնը սկսած է տկարանալու:
Վերջին նիստը կրած է «Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը» խորագիրը: «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Նորայր Օլկար այս առթիւ ըսած է. «Հրանդէն առաջ, այս հողերուն վրայ Ցեղասպանութեան մասին խօսիլը կամ իրաւունքներ փնտռելը այսքա՛ն դիւրին չէր: «Նոր Զարթօնք»ին առջեւ ճամբայ բացողը Հրանդ Տինքն էր»։
Asbarez.com
Leave a Reply