Զինեալ հայու ուրուականը անխուսափելի սարսափ մըն է ազգայնամոլ թուրքին համար: Հայու դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը իւրացնող, իր տրամադրութեան մէջ արդարացնող այդ միտքը մինչեւ օրս կը տառապի նման սարսափով: Նոյնիսկ կարելի է ըսել, որ այդ սարսափը հասած է հոգեկան հիւանդութեան աստիճանի, որ ծանօթ է «փարանոյա» անուանումով:
Նախորդ շաբաթավերջին իշխանամէտ կարգ մը թերթեր կ՛անդրադառնային ահաբեկչութեան միջազգային մասնագէտ, նախկին գնդապետ, ներկայիս՝ «Մալթեփէ» համալսարանի դասախօս փրոֆ. Մեսուտ Հաքքը Ճաշինի յայտարարութիւններուն: Ան, իր քաղած տեղեկութիւններուն վրայ հիմնուելով, կու տար շահեկան բացատրութիւններ. «ԱՍԱԼԱ չէ՛ դադրած գործելէն: Ան վերածուած է ՓՔՔի: Ես, որպէս սպայ, պաշտօնավարած եմ այդ տարածաշրջանը: ՓՔՔ-ի որոշ միաւորումներ իրականութեան մէջ կը բաղկանան ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկներէն… Վերջին երկու-երեք ամիսներու բախումներուն ընթացքին մեռնող իբրեւ թէ ՓՔՔ-ի դիպուկահարներէն եօթն հայեր էին: Նոյնիսկ սպաննուած այս հայ զինուորներու դիակներուն Հայաստան չփոխադրուիլը խնդիր յարուցեց Հայաստանի եւ ՓՔՔ-ի միջեւ»:
Փայլուն ածականներով ու մակդիրներով օժտուած «մասնագէտ»-ը կը մեկնաբանէ նաեւ իր պնդումին գիտական յենակէտը. «Թուրքիա սա պահուն աշխարհի հզօրագոյն 17-րդ տնտեսական ուժն է: Նպատակադրած է մինչեւ 2023 տասներորդ հորիզոնականին հասնիլ: ՓՔՔ, ՓԵՏ եւ ԱՍԱԼԱ կ՛ուզեն Թուրքիոյ աճը կասեցնել»:
Ճաշին կը յիշեցնէ նաեւ հանրապետութեան նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝ ԱՄՆ-ի մէջ այս համագործակցութեան անդրադառնալը:
Առաջին անգամը չէ, որ թուրք ազգային մտայնութիւնը կը ներկայանայ նման պնդումով մը: Պետական քարոզչամեքենան անցեալին ալ յաճախ կրկնած է այս վարկածը: Նոյնիսկ պնդած է ՓՔՔ կուսակցութեան պետ Ապտուլլահ Օճալանին հայ ծագում ունենալը: Այսպիսով՝ կը մտադրուի քրտական ազգային շարժումին վարկը նուաստացնել նոյնինքն իսլամ քիւրտ ժողովուրդին մօտ:
Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Պոլսոյ հայութիւնը շատ երկար տարիներ այս պնդումները դիտեց իբրեւ ձաբռտուք: Սակայն, երբ հետզհետէ ծանօթացանք քրտաբնակ շրջանակներու մէջ ապրող, բայց իրենց հայ ինքնութեան գիտակցող մարդկանց, տեսանք, որ այդ պնդումները մեր կարծածին չափ ալ անհիմն չե՛ն:
Ծագումով հայ ըլլալով հանդերձ՝ իրենց ապրած պայմաններուն մէջ քրտական ազատագրական շարժումին թափանցած, այդ պատճառով՝ երկարատեւ բանտարկութիւններու դատապարտուած, կեանքի որոշ մէկ հատուածը ապստամբներու հետ միասին լեռները անցուցած ու զէնք վերցուցած բազմաթիւ հայեր կան: Զարմանալով ականատես եղանք, թէ այդ հայերը բաւական լուրջ վերապահութիւն ունին քիւրտերու նկատմամբ:
Անիրաւութիւն պիտի ըլլայ զիրենք քրտասէր կամ քրտամէտ անուանել: Ինչպէս տարածաշրջանի ասորիները, քաղդէացիները կամ եզիտիները, հայերն ալ հաւատքով միացած են քրտական շարժումին, եւ ա՛յս իրողութիւնն է, որ սարսափ կը պատճառէ բոլորին: Սակայն չենք կրնար անտես առնել ուրիշ իրողութիւն մը եւս: Էրտողանի կամ Ճաշինի նմաններուն այս տեսակի պնդումները ուրիշ չարութեան մը սադրիչ ծուղակն են: Ցեղասպանի հոգեբանութիւնը… իր մեղքը քաւելու համար պարտաւոր է զոհը մեղադրելու:
Ի զուր են այս բոլորը… Հայու ուրուականէն փրկուելու միակ միջոցն է ծնկաչոք մեղանչել: Թէ ոչ՝ այդ ուրուականը յաջորդող սերունդներուն ալ սարսափը կը դառնայ:
pakrates@yahoo.com
http://asbarez.com/arm/
Leave a Reply