Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանը ապրիլ 2016ը Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ամիս հռչակեց

Լոս Անճելըսի Միացեալ ԿրթաշրջանըԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանը ապրիլ 12ին գումարած իր ժողովին ընթացքին, միաձայնութեամբ վաւերացուց ապրիլ 2016ը Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ամիս հռչակող բանաձեւը, որ ներկայացուած էր վարչութեան անդամ Մոնիքա Ռեթլիֆի կողմէ, եւ որուն համահովանաւորներն էին վարչութեան նախագահ Սթիւ Զիմըր եւ անդամներ դոկտ. Ռեֆ Ռոտրիկեզ ու Սթաք Շմերըլսըն։

Զիմըր ողջունեց բանաձեւին միաձայն վաւերացումը՝ միաժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին, որ նմանապէս ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանը սոյն բանաձեւով նաեւ վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման իր յանձնառութիւնը։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան եւ դոկտ. Քէյ Մուրատեան եւս ելոյթ ունեցան ժողովին ընթացքին՝ շեշտելով բանաձեւին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման վաւերացման կարեւորութիւնը։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ