Ապրիլ 22-ին Քոլորատօ նահանգին մէջ պիտի նշուի Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցը, պիտի կազմակերպուի Հայ Դատի օր

ՔոլորատօՄիացեալ Նահանգներո Քոլորատօ նահանգին մէջ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, նահանգային օրէնսդիրներու, ԱՄՆ-ի Հայ դատի յանձնախումբի արեւմտեան շրջանի (ANCA WR), ինչպէս նաեւ «Քոլորատոյի հայեր» կազմակերպութեան անդամներու մասնակցութեամբ Ապրիլ 22-ին պիտի ոգեկոչուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Ինչպէս կը յայտնէ Asbarez.com-ը, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Տէնվըր քաղաքին մէջ գտնուող Քափիթոլիումի շէնքին մէջ: Նոյն օրը ANCA WR-ի նախաձեռնութեամբ պիտի կազմակերպուի Հայ Դատի օր, որուն ծիրէն ներս ամերիկացի օրէնսդիրներու հետ պիտի հանդիպին տեղի հայ համայնքի անդամները եւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան քննարկելու իրենց հետաքրքրող հարցեր:

«Մենք այնքան գոհ ենք, որ Քոլորատոյի հայ համայնքին համար կ’ընձեռուի այնպիսի հարթակ մը, որ թոյլ կու տայ ուղիղ շփում ունենալու օրէնսդիրներու հետ ու քննարկելու Արցախի անվտանգութեան ու Իլհամ Ալիեւի` տարածաշրջանային պատերազմի մղող անվերահսկելի ատելութեան, յարձակողական գործողութիւնները:

«Շատ կարեւոր է, որպէսզի խաղաղութեան ձայները Ատրպէյճանին հաշուետու դարձնեն գործած պատերազմական յանցագործութիւններուն եւ հրադադարը խախտելուն համար»,-նշած է ANCA WR-ի գործադիր նախագահ Էլեն Ասատրեանը:

http://www.yerakouyn.com/?p=105795

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ