Թուրքիա քիւրտ երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու առաջարկ պիտի ներկայացնէ

Ahmet DavutoğluԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարած է, թէ խորհրդարանի քիւրտ երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու մասին առաջարկ մը պիտի ներկայացնէ խորհրդարանի քննարկման:

Տաւութօղլու Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է. «Երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու մասին բանաձեւը պատրաստ է. ատիկա արդէն իսկ ստորագրուած է ու մօտ ատենէն պիտի ներկայացուի խորհրդարան»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս խորհրդարանին կոչ ուղղած էր անձեռնմխելիութենէ զրկելու այն երեսփոխանները, որոնք կ՛աջակցին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ, իր խօսքով՝ «անոր առնչուած» սուրիացի քիւրտերու կազմակերպութեան (Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան):

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը 8 քիւրտ երեսփոխաններ, ներառեալ՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշը անձեռնմխելիութենէ զրկելու դիմում ներկայացուցած էր խորհրդարանին՝ մեղադրելով զանոնք քիւրտ անջատողականներու հետ համագործակցելու յանցանքով:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ