Գառնիկ Գիւզալեան (1893-1958). Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի դաշնակցական պատգամաբերը

Գառնիկ ԳիւզալեանՀրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.

Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան Սե­րուն­դի ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն է պատ­մա­գէտ, ըն­կե­րա­բան եւ գա­ղա­փա­րա­բան Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեան, ո­րուն մա­հո­ւան 58-րդ տա­րե­լիցն է այ­սօր՝ Ապ­րիլ 8-ին։

Ք­սա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին տաս­նա­մեա­կին կազ­մա­ւո­րո­ւած սե­րուն­դին կը պատ­կա­նէր հայ քա­ղա­քա­կան մտքի այս ներ­հուն տե­սա­բա­նը, որ ճա­կա­տագ­րո­ւած էր ապ­րե­լու եւ գոր­ծե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն փո­թոր­կա­լի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։

Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեան ոչ միայն ապ­րե­ցաւ ու կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան հա­մար ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին վե­րի­վայ­րում­նե­րու՝ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, ոչ միայն իր պա­տա­նե­կու­թիւնն ու ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ի­մաս­տա­ւո­րեց Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը օս­մա­նեան թէ ցա­րա­կան բռնա­տի­րու­թեանց լու­ծէն ա­զա­տագ­րե­լու պայ­քա­րով, այ­լեւ հա­յոց հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման խոր­քին խմո­րո­ւած գա­ղա­փար­նե­րու աշ­խար­հը ամ­փո­փող ու վեր­ծա­նող տե­սա­բա­նա­կան ան­փո­խա­րի­նե­լի ժա­ռան­գու­թիւն մը։

Գի­տա­կան մտքի եւ մշա­կու­մի տէր մարդ էր Գիւ­զա­լեան, որ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան աս­պա­րէ­զի մէջ ան­գամ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ե­ղաւ գի­տե­լիք ջամ­բող, վեր­լու­ծու­մի ու­ղի­ներ բա­ցող եւ տե­սա­կան ընդ­հան­րա­ցում­նե­րու հիմք փո­խան­ցող պատ­մա­գէ­տը, ըն­կե­րա­բա­նը եւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սը։

Եւ բա­ռին մտա­ւո­րա­կան կար­գա­պա­հու­թեան ի­մաս­տով յանձ­նա­ռու գա­ղա­փա­րա­խօս էր Գիւ­զա­լեան, որ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ գտաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի եւ հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի գա­ղա­փա­րա­կան ա­կունք­ներն ու ա­ւանդ­նե­րը մարմ­նա­ւո­րող հո­սան­քը։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին փա­րե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջին օ­րե­րը, Հա­մազ­գա­յի­նի Ճե­մա­րա­նին մէջ ու­սուց­չա­կան իր աշ­խա­տան­քով եւ գա­ղա­փա­րագ­րա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով, Գիւ­զա­լեան սե­րունդ հաս­ցուց Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան շուն­չով։

1958-ի Ապ­րիլ 8-ին, շրջապ­տոյ­տով մը Ա­ղեք­սանդ­րիա գտնո­ւած մի­ջո­ցին, յան­կար­ծա­մահ ե­ղաւ Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դին ար­ժա­նա­ւոր այս ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, որ սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ պի­տի ապ­րի իբ­րեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի պատ­մա­բանն ու գա­ղա­փա­րա­խօ­սը։

Պատ­մա­գի­տա­կան խոր պատ­րաս­տու­թեամբ եւ գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան լայն հո­րի­զո­նի տէր մտա­ւո­րա­կան էր Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեան։ Պար­բե­րա­կան մա­մու­լի է­ջե­րուն եւ ա­ռան­ձին հա­տոր­նե­րով լոյս ըն­ծա­յած իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով՝ ան հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցու­մին ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւ­նը մշա­կե­լու եւ հու­նա­ւո­րե­լու գոր­ծին մէջ։ Յատ­կա­պէս խորհր­դա­յին նո­րա­հաս­տատ կար­գե­րու օ­րօք թափ ա­ռած պատ­մա­կան նեն­գա­փո­խում­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան եւ գի­տա­կան դի­մագ­րաւ­ման ճա­կա­տին վրայ, Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեան բա­ռին բուն ի­մաս­տով ար­թուն պա­հա­կը հան­դի­սա­ցաւ հայ ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան պահ­պան­ման եւ վե­րա­թար­մաց­ման։

Ծ­նած էր 1893-ին Փար­պի, Ա­րա­գա­ծոտ­նի մարզ։ Մե­ծա­տուն Գիւ­զա­լեան­նե­րու ար­ժա­նա­ւոր շա­ռա­ւիղ էր։ Ու­սա­նե­ցաւ Էջ­միած­նի Գէոր­գեան Ճե­մա­րա­նը եւ պա­տա­նի տա­րի­քէն փա­րե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փար­նե­րուն՝ Հ.Յ.Դ. ա­շա­կեր­տա­կան եւ ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լով։

1914-ին, ա­ւար­տե­լով Գէոր­գեան Ճե­մա­րա­նը, Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեան ամ­բող­ջու­թեամբ լծո­ւե­ցաւ հան­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։ Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան դժո­ւա­րին այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, նախ Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան Շարժ­ման ծա­ւալ­ման եւ, ա­պա, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւաճ­ման ու Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն ե­ռան­դուն մաս­նա­կի­ցը դար­ձաւ՝ Հ.Յ.Դ. Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թեան ճամ­բով։

Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք իր հեր­թին ան­ցաւ Թաւ­րիզ, ա­պա՝ Պալ­քան­ներ։ Ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու նպա­տա­կով՝ հե­տե­ւե­ցաւ Փ­րա­կա­յի հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մա­գի­տա­կան ճիւ­ղին, որ­մէ վկա­յո­ւե­ցաւ 1928-ին։ Փ­րա­կա­յի ուս­ման տա­րի­նե­րը օգ­նե­ցին, որ­պէս­զի հայ եւ ռուս ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թեան քա­ջա­ծա­նօ­թի իր հմտու­թեան վրայ Գիւ­զա­լեան գու­մա­րէ քսա­նե­րորդ դա­րու 20ա­կան­նե­րու Եւ­րո­պա­յի քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան բարդ խմո­րում­նե­րու մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցու­մը։ Երկ­րէն բե­րո­ւած եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ հարս­տա­ցած իր մտա­ւո­րա­կան պա­շա­րով՝ Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեան հիմ­նա­րար դեր կա­տա­րեց հայ քա­ղա­քա­կան մտքի պատ­մու­թիւնն ու գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւ­նը քսա­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ քա­ռոր­դի տե­սա­բա­նա­կան պրիս­մա­կով ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ տա­րա­գիր հա­յու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լու գոր­ծին մէջ։

1932-ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Պէյ­րութ՝ նո­րա­բաց Հա­մազ­գա­յի­նի Ճե­մա­րա­նը, իբ­րեւ պատ­մու­թեան ու­սու­ցիչ։ Ա­ւե­լի քան 25 տա­րի Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեան գոր­ծեց Ճե­մա­րա­նի մէջ, ուր պատ­մա­կան գի­տե­լիք­նե­րէ ան­դին՝ հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան էա­տար­րե­րը փո­խան­ցեց եւ սոր­վե­ցուց տա­րագ­րու­թեան մէջ հա­սակ նե­տող նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն։

Ու­սուց­չու­թեան կող­քին, Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեան բե­ղուն աշ­խա­տանք կա­տա­րեց հայ քա­ղա­քա­կան մտքի զար­գաց­ման հո­լո­վոյ­թը ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան հո­լո­վոյ­թը հու­նա­ւո­րած բախ­տո­րոշ խնդիր­նե­րը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»-ի, «­Հայ­րե­նիք Ամ­սա­գիր»-ի, «­Վէմ»-ի եւ «Ա­կօս»-ի է­ջե­րուն լոյս տե­սած, կամ՝ ա­ռան­ձին հա­տո­րով հրա­տա­րա­կո­ւած իր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րով, «­Հայ քա­ղա­քա­կան մտքի զար­գա­ցու­մը եւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը» (1927), «Ն. Ա­դոն­ցը՝ որ­պէս պատ­մա­բան» (1943), «­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան շրջան­նե­րը» (1946), «­Հին­գե­րորդ դա­րի կրօ­նա­կան եւ քա­ղա­քա­կան շար­ժում­նե­րը» (1947), «­Հա­յոց Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նից ա­ռաջ» (1950), «­Պատ­մու­թիւն Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ Հա­յաս­տա­նի» (1951), «­Հա­յոց Պատ­մու­թիւն» (1953) եւ միւս գոր­ծե­րով, Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեան գլխա­ւոր եր­կու ա­ռա­ջադ­րանք ի­րա­գոր­ծեց.-

Ա­ռա­ջի­նը մեր­կա­ցումն էր հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւ­նը խորհր­դա­յին պաշ­տօ­նա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան դի­տան­կիւ­նին հպա­տա­կեց­նե­լու խե­ղա­թիւր­ման փոր­ձե­րուն, ո­րոնք կը սպառ­նա­յին հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան։ Պե­տա­կան հրա­հան­գով եւ մի­ջոց­նե­րով՝ խորհր­դա­հայ պատ­մագ­րու­թիւ­նը լծո­ւած էր հայ ժո­ղո­վուր­դի ողջ պատ­մու­թիւ­նը ազ­գա­յին ինք­նա­հաս­տատ­ման իր մի­ջու­կէն պար­պե­լու եւ սոսկ դա­սա­կար­գա­յին կռո­ւի պատ­մու­թեան նո­ւա­զեց­նե­լու վտան­գա­ւոր գոր­ծին։ Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեան պատ­մա­գի­տա­կան իր պատ­րաս­տու­թիւնն ու պա­շա­րը ի սպաս դրաւ հա­յու­թեան նո­րա­հաս­տատ սե­րունդ­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան զի­նու­մին՝ նման վտան­գի դէմ պաշտ­պա­նո­ւե­լու հա­մար։

Երկ­րոր­դը հիմ­նա­ւո­րումն ու այժ­մէա­կա­նա­ցումն էր գա­ղա­փա­րա­կան այն ա­ւան­դին, որ նո­ւա­ճո­ւե­ցաւ սե­րունդ­նե­րու գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեամբ՝ Հայ Ազ­գա­յին-Ա­զա­տագ­րա­կան Պայ­քա­րի ճա­նա­պար­հին։ 19րդ դա­րու Ազ­գա­յին Զար­թօն­քով զէնք բարձ­րա­ցու­ցած, հայ ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջա­ցու­մով իր պայ­քա­րը ամ­րագ­րած եւ Մեծ Ե­ղեռ­նի ծան­րա­գոյն հա­րո­ւա­ծէն Մա­յի­սեան հրաշ­քով վե­րա­կանգ­նած Հա­յաս­տա­նը Ան­կախ, Ա­զատ եւ Միա­ցեալ տես­նե­լու ե­րա­զին գի­տուն պատ­գա­մա­բե­րը ե­ղաւ Գիւ­զա­լեան։

Հ­րա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան բա­նա­վէ­ճե­րու սահ­մա­նա­փա­կու­մէն վեր բարձ­րա­ցուց եւ պատ­մա­գի­տա­կան հար­թու­թեան վրայ մեր­կա­ցուց Լե­նի­նի ու Քե­մա­լի մեղ­սակ­ցու­թեամբ գոր­ծո­ւած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան խոր­տակ­ման մե­ծա­գոյն ո­ճի­րը։ Եւ սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցեց Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը, ա­զա­տու­թիւ­նը եւ ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու հան­գա­նա­կին տե­սա­բա­նա­կան հաս­տա­տուն վէ­մը։

Հայ քա­ղա­քա­կան մտքի նո­րա­գոյն շրջա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ ար­ժե­ւոր­ման հա­մար հիմ­նա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ներդ­րու­մը Գառ­նիկ Գիւ­զա­լեա­նի, ո­րուն մտքե­րը ու­ղի լու­սա­ւո­րող ար­ժէք ու­նին հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
Գ. Գիւ­զա­լեան ան­խոնջ յու­շա­րա­րը դար­ձաւ Ա­զատ, Ան­կախ եւ Միա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի գա­ղա­փա­րա­կան ան­կորն­չե­լի հան­գա­նա­կին։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ հան­դի­սա­ցաւ հայ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան ար­թուն պա­հա­կը, Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան հո­ղա­հա­ւա­քի եւ ազ­գա­հա­ւա­քի սրբա­զան ի­տէա­լին պատ­մա­բան գա­ղա­փա­րա­խօ­սը, որ սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի կազ­մա­ւոր­ման հիմ­քը դար­ձուց այն պատ­գա­մը, թէ՝

– «19րդ դա­րի երկ­րորդ կէ­սին… քուրդն ու թուր­քը միա­ցել էին՝ հա­յու­թեան դէմ կազ­մե­լով պայ­քա­րի ընդ­հա­նուր ճա­կատ։
«Անհ­նար էր այս հա­կադ­րու­թիւ­նը լու­ծել խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով՝ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ։ Դ­րա հա­մար պէտք էր մէկ բան, որ թուրքն ու քուր­դը ճա­նա­չէին հա­յին որ­պէս իր հո­ղին տէր, տա­յին նրա կեան­քի եւ գոյ­քի ա­պա­հո­վու­թիւն, ե­րաշ­խա­ւո­րէին նրա գո­յու­թեան տար­րա­կան պայ­ման­նե­րը, ստեղ­ծէին մի մի­ջա­վայր, ուր հա­յը կա­րո­ղա­նար ան­կաշ­կանդ զար­գա­նալ եւ գոր­ծօն դեր խա­ղալ իր բախ­տի տնօ­րին­ման մէջ։ Հա­յի հա­մար այս կեն­սա­կան պայ­ման­նե­րը ան­կա­րող էին ստեղ­ծե­լու թուր­քը եւ քուր­դը – ա՛յդ պատ­ճա­ռով ծա­գեց Հայ­կա­կան Հար­ցը»։

– «(1880-ա­կան) թո­ւա­կան­նե­րի սկզբնե­րից մի ու­ժեղ շար­ժում է սկսւում հա­յու­թեան մէջ յօ­գուտ Օս­մա­նեան Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան, մտա­ւոր վե­րած­նու­թեան եւ հո­գե­կան յե­ղաշրջ­ման։ Այս վե­րած­նու­թիւ­նը կապ­ւում էր կրթա­կան գոր­ծի եւ ընդ­հան­րա­պէս մշա­կու­թա­յին վե­րել­քի եւ տնտե­սու­թեան բարձ­րաց­ման հետ։

«Բայց ա­մէ­նէն էա­կա­նը՝ նա տե­ղի պի­տի ու­նե­նար հա­յու­թեան բո­լոր կեն­դա­նի, բարձ­րո­րակ ու­ժե­րի հա­մախմ­բու­մով Հա­յաս­տա­նում։ Ազ­գա­հա­ւաք­ման եւ ա­զա­տագ­րա­կան այս գոր­ծը հա­յու­թիւ­նը հա­կադ­րում էր նոյն ժա­մա­նակ­նե­րում թուրք ազ­գու­թեան մէջ ծնունդ ա­ռած շարժ­ման, որ խարսխ­ւում էր նախ՝ հա­միս­լա­մու­թեան եւ քիչ յե­տոյ՝ հա­մա­թու­րա­նա­կա­նու­թեան վրայ։ 80-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րից սկսած այս եր­կու ազ­գա­յին շար­ժում­նե­րը ի­րենց ներ­հակ նպա­տակ­նե­րով կանգ­նած են դէմ դի­մաց»։

– «­Հա­յոց Հար­ցը քա­ղա­քա­կան հարց է եւ պէտք է լու­ծո­ւի միայն ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան յե­ղա­փո­խու­թեամբ»։

http://www.yerakouyn.com/?p=105239

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ