ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 19ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, փրոֆ. Լեռնա Էքմեքճիօղլու «Ապրիլ» գրատան մէջ պիտի ներկայացնէ իր «Recovering Armenia» հատորը, որուն ենթախորագիրն է՝ «Պատկանելիութեան սահմանափակումները Թուրքիոյ մէջ՝ Ցեղասպանութենէն ետք» («The Limits of Belonging in Post-Genocide Turkey»)։
Հեղինակը պիտի ներկայացուի Նորա Կայսերեանի կողմէ։
Գիրքը հեղինակին հետազօտութիւնն է Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ ատկէ ետք Թուրքիա մնացած հայերուն մասին: Ան լուսարձակի տակ առած է յատկապէս այդ ժամանակաշրջանին հայ կանանց դերակատարութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման գործին մէջ:
Մեսեչուսեցի արհեստագիտութեան հիմնարկին (MIT) մէջ Պատմութեան եւ կանանց ուսմանց դասախօս Լեռնա Էքմեքճիօղլու, իր այս հատորին մէջ կ՛անդրադառնայ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Թուրքիոյ մէջ հայերու վիճակին՝ նկարագրելով, թէ այդ երկրին մէջ տեղացիները ինչպէ՛ս կը վերաբերին հայերուն հետ եւ ինչպէս ոմանք նոյնիսկ «դաւաճան» կը նկատեն զանոնք:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է «Ապրիլ» գրատան կողմէ, որուն հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA։ Մուտքը ազատ է եւ աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։
Asbarez.com
Leave a Reply