Թուրքիոյ մէջ հայերը արտաքսելու մասին կոչեր կը հնչեն

«Մեծ միասնութիւն կուսակցութեան» (ՄՄԿ-BBP) ղեկավարԹուրքիոյ Մեծ միասնութիւն կուսակցութեան (ՄՄԿ-BBP) ղեկավար Մուսթաֆա Տեսթիճին լրագրողներու հետ զրոյցին հակահայկական կոչեր հնչեցուցած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Ճիհան» լրատուական գործակալութիւնը, նշելով, որ թուրք կուսակցապետը, հայ-ազրպէյճանական սահմանային բախումներու մասին խօսելով, յայտնած է իր կուսակցութեան աջակցութիւնը՝ Ազրպէյճանին: Ան նաեւ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս կը բնակին ՀՀ քաղաքացիութիւն կրող շուրջ 100 հազար ապօրինի գաղթականներ, եւ քանի որ հայերը տակաւին կը հրաժարին Լեռնային Ղարաբաղը յանձնելէ, «Հարկաւոր է, որ Թուրքիան բոլորին անյապաղ արտաքսէ երկրէն: Պէտք է արտաքսել ու յստակ դիրքորոշում ցուցաբերել»,- ըսած է Մուսթաֆա Տեսթիճին:

Նշենք, որ 1993-ին հիմնուած այս կուսակցութիւնը կը համալրէ իշխանամետ քաղաքական ուժերու շարքը:

Arevelk.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ