Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.
Ապրիլ 4-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայոց նորագոյն պատմութեան անզուգական հերոսներէն զօրավար Թովմաս Նազարբէգեանի։
161 տարի առաջ Թիֆլիսի մէջ լոյս աշխարհ եկած ու ցարական Ռուսաստանի բանակին մէջ զօրավարի բարձր դիրքը արժանաւորապէս նուաճած հայ զինուորականը իրաւամբ կը հանդիսանայ ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը հայ ռազմական տաղանդին։
Նաեւ՝ ազգային հերոսի պատուանդանին յաղթահասակ կանգնած արժանաւորն է Թովմաս Նազարբէգեան՝ իր անհատականութեամբ եւ գործով, բառին թէ՛պարզ՝ խորունկ ու դասական նշանակութեամբ, թէ՛ իր դարաշրջանին յատուկ խորհուրդով ու հպարտութիւն ներշնչող հնչեղութեամբ։
Ռուսացած ու ռուսական կայսերական բանակին մէջ կազմաւորուած եւ մարտական փայլուն ասպարէզ նուաճած զօրավար էր Նազարբէգով, որ ազգային իր արմատներուն ամբողջապէս տէր կանգնեցաւ, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան եւ ազգային ազատագրութեան թէժ մարտերը ղեկավարող փայլուն հրամանատարը դարձաւ, Հայաստանի անկախութեան կերտումի ճակատամարտներուն մէջ հիմնական ներդրում ունեցաւ եւ դարաւոր գերութենէ ազատագրուած հայոց ազգային բանակին հիմնադիր Սպարապետը հանդիսացաւ։
Թովմաս Նազարբէգեան ծնած էր 4 Ապրիլի 1855-ին Թիֆլիս, ունեւոր ընտանիքի յարկին տակ։ Ընդհանրապէս ռուսական շրջանակի մէջ կազմաւորուեցաւ, զինուորականի իր կրթութիւնը ստացաւ Մոսկուայի մէջ, ցարական զինուորական բարձրագոյն վարժարանը աւարտեց եւ նորահաս սպայ էր տակաւին, երբ ռազմական իր տաղանդին ու քաջագործութիւններուն կրակի մկրտութիւնը ստացաւ 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին։ Բայց յատկապէս 1904-1905-ի ռուս-ճափոնական պատերազմին գնդապետի աստիճանով իր մասնակցութեամբ է, որ հայազգի այս զինուորականին հերոսական սխրանքները մեծ հռչակ ապահովեցին անոր եւ արժանացուցին Ցարական բանակի հրամանատարութեան ոսկեայ սուրի պարգեւին։
1903-1905 թուականները նաեւ ժամանակաշրջանն էին Ցարական Ռուսաստանի հակահայ ոտնձգութիւններուն։
Հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման փորձով իր բարձրակէտին հասած «Հայաստան առանց հայու» Ցարիզմի ծաւալած հալածանքը իր հակահայ դրսեւորումը ունեցաւ նաեւ Ցարական բանակէն ներս, երբ հայ ծագումով բարձրաստիճան զինուորականները հեռու պահուեցան զօրաբաժիններու հրամանատարութեան իրենց նուաճած պաշտօններէն։
Նոյնը պատահեցաւ նաեւ զօր. Նազարբէկեանի պարագային, որ անվարան ներկայացաւ իր գերադասին եւ ներկայացուց Ցարական բանակէն իր հրաժարականը՝ խրոխտութեամբ յայտարարելով, թէ ոչ միայն հայկական ծագում ունի, այլեւ լիարժէք հա՛յ է ու հպարտ է իր հայեցիութեամբ։
Ամբողջ տասը տարի ռուսական բանակէն հեռու մնալէ ետք, 1914-ին, Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, երբ Ցարական քաղաքականութիւնը հայութիւնը ներգրաւելու շրջադարձը ունեցաւ, ռուսական բանակի վերին հրամանատարութիւնը վերստին ծառայութեան կանչեց զօր. Նազարբէկեանին՝ անոր վստահելով Բ. Կովկասեան Հրացանաձիգ Զօրաբաժնի հրամանատարութիւնը։
Այդպէ՛ս վերսկսաւ հայոց զօրավարին ռազմական քաջագործութեանց կարապի երգի փուլը. յատկապէս պատմական Աւարարայրի դաշտէն ոչ շատ հեռու գտնուող Տիլմանի ճակատամարտին, ուր զօր. Նազարբէկեան, իր կողքին ունենալով Կամաւորական Առաջին Գունդը հրամանատար հերոս Անդրանիկը, ջախջախիչ պարտութեան մատնեց հարաւ-արեւելքէն՝ պարսկական սահմանէն Հայաստանի ուղղութեամբ արշաւող Խալիլ Փաշայի զօրքը։
Նոյնքան մեծակշիռ դերակատարութիւն ունեցաւ Զօր. Նազարբէկեան, երբ յաղթական մուտք գործեց Պիթլիս, ազատագրեց Մուշը եւ արշաւեց Վանի ուղղութեամբ եւ ազատագրեց Վասպուրականի հայութիւնը։
1917-ի Հոկտեմբերին տեղի ունեցած պոլշեւիկեան յեղաշրջումէն ետք, երբ Լենինի «տուն դարձ»ի հրահանգին ընդառաջող ռուս զինուորներու դասալքութեամբ քայքայուեցաւ Ցարական բանակը, Թիֆլիս հաստատուած Հայ Ազգային Խորհուրդը Հայկական Կորպուսի ընդհանուր հրամանատար կարգեց զօրավար Նազարբէկեանին, որ իր այդ հանգամանքով պատմակշիռ ներդրում ունեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսական ճակատամարտներուն ղեկավարման մէջ՝ այնուհետեւ արժանանալով նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Բանակի Սպարապետի բարձրագոյն պաշտօնին։
Զօրավար Նազարբէգեան գերազանցապէս զինուորական մարդ էր ու, այդ առումով, մեծատաղանդ զօրավար մը, որ գիտէր արժէքն ու հզօրութիւնը կռուի դաշտ նետուող մարտունակ ժողովուրդի ենթակայական գործօնի հրաշագործ ուժին։ Իբրեւ այդպիսին հայոց Սպարապետը արժեւորեց դերակատարութիւնը ազգային-ազատագրական պայքարի եւ ֆետայական կռուի դաժան դպրոցը անցած հայ յեղափոխականներուն՝ Անդրանիկին ու Դրոյին, Քեռիին ու Նժդեհին, Ռուբէնին ու Արամ Մանուկեանին, որոնցմով շրջապատեց հրամանատարական իր կազմերը՝ յաղթանակի առաջնորդելու համար հայ ժողովուրդը։
Ազգային միեւնոյն հոգեխառնութեամբ՝ զօրավար Նազարբէգեան լծուեցաւ, Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, Հայկական Բանակի կազմակերպումին եւ հզօրացումին։
Այդ պատճառով ալ, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան տիրացած հայանուն պոլշեւիկները իրենց առաջին հարուածը ուղղեցին Հայոց Սպարապետին՝ Յունուար 1921ին, երբ հայոց ազգային բանակի 1200 սպաներուն հետ միասին հետիոտն աքսորեցին մինչեւ Մոսկուայի մերձակայքը։
Թէեւ Մայիս 1921-ին խորհրդայինները ներում շնորհեցին եւ վերջ տուին Հայոց Սպարապետի աքսորին, բայց զօրավար Նազարբէգեանի առջեւ վերջնականապէս փակուած էին ազգային ծառայութեան բոլոր դռները…
Ան որոշեց հաստատուիլ իր ծննդավայր Թիֆլիսի մէջ, ուր եւ առյաւէտ փակուեցան ընդ հուր եւ ընդ սուր այնքան հերոսական ուղի տեսած ու նուաճած անոր ցաւատանջ աչքերը։
Այդպէ՛ս, Թիֆլիսի մէջ իր բախտին լքուած, հայոց Արհաւիրքի ու Յարութեան բախտորոշ ժամանակաշրջանի վերիվայրումներուն հետեւած իր աչքերը առյաւէտ փակեց Հայաստանի անկախութեան կերտման հերոս Սպարապետը։ Խորհրդային իշխանութիւնները օրին չտուուին նոյնիսկ գոյժը հայոց մեծանուն Սպարապետի մահուան։ Նոյնպէս խորհրդահայ մամուլը լուռ անցաւ մեր ժողովուրդի ազգային մեծ կորուստին վրայէն։
Խորհրդային ամբողջատիրութեան «ինքնահաստատման» չարաբաստիկ ժամանակներն էին ու ազգային արժէքներու եւ յիշողութեան դէմ կատաղի պայքարը տակաւ կը սրէր իր մահացու ժանիքները…
Բայց սփիւռքեան կողմն հայաշխարհի, 19 Փետրուար 1931-ի հայոց մեծ կորուստին առիթով, ընդհանուր սուգը պատեց տարագիր հայութեան կեանքը։ Արտերկրի հայ մամուլը, որոշապէս դաշնակցական իր օրկաններով, Պոսթընի «Հայրենիք»էն մինչեւ Փարիզի «Յառաջ»ը, Գահիրէի «Յուսաբեր»ը եւ Թեհրանի «Ալիք»ը, համազգային յարգանքի իր տուրքը մատուցանեց Ազգային Հերոսին՝ հայոց նորահաս սերունդներու յիշողութեան մէջ ամրագրելով անզուգական տեղն ու արժէքը զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան անուն Մեծ Հայուն։
Դրօ եւ Համօ Օհանջանեան, Աւետիս Ահարոնեան եւ Շաւարշ Միսաքեան, Սիմոն Վրացեան եւ Վահան Նաւասարդեան՝ փաստօրէն Հայաստանի անկախութեան սերունդի տարագիր բոլոր նուիրեալները փութացին մեծարելու կերպարն ու գործը հայոց Սպարապետին, որ վճռորոշ դեր ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան ու ազգային պետականութեան կերտումին եւ անոր կռուաններու ամրապնդումին մէջ։
Հայոց սերունդներուն համար միշտ ալ ներշնչման աղբիւր պիտի մնայ Սպարապետին պատգամը՝
«Վախկոտը մեռնում է իւրաքանչիւր ժամ, իւրաքանչիւր րոպէ. խիզախը՝ միայն մէկ անգամ»:
http://www.yerakouyn.com/?p=104803
Leave a Reply