«Տիարպէքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ պետականացման հարցին գծով մենք լուսաբանութիւններ պահանջեցինք իշխանութիւններէն»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Սրբազան հայրը նաեւ դիտել տուաւ, որ իշխանութիւնները վերստին բացատրած են իրենց հրապարակած որոշումը, այն իմաստով, որ պետականացումը անմիջականաօրէն կապ չունի եկեղեցւոյ կալուածին հետ, այլ անոր շուրջը գտնուող կառոյցներուն հետ: Ան ըսաւ, որ յառաջիկայ օրերուն կրնայ Անգարա մեկնիլ, այս հարցին գծով վերջնական եզրակացութիւններու յանգելու նպատակով: «Մեզի տեղեկացուցին, թէ որոշումը կապուած է եկեղեցիին շուրջ գտնուող կառոյցներուն հետ, այսինքն պետականացման հարցը կապ չունի Ս. Կիրակոս եկեղեցիին հետ, այլ անոր շուրջ գտնուող կառոյցներուն մասին է, եւ այդ առումով մենք իշխանութիւններուն ըսինք, եթէ այդպիսի որոշում կայ, ապա դուք որպէս իշխանութիւն պարտաւոր էք մեզմէ իրաւասութիւն պահանջել, պետականացման օրէնքի կիրառման առնչութեամբ»: Սրբազան հայրը նաեւ ըսաւ, որ անցնող օրերուն պոլսահայ համայնքի բարձրաստիճան պատասխանատուներ ոտքի ելլելով պահանջած են այդ օրէնքին մասին յաւելեալ բացատրութիւններ, որմէ ետք իշխանութիւնները համայնքի պատասխանատուներուն մտահոգութիւնները փարատելու համար բացատրած են, որ պետականացման օրէնքը չի կիրառուիր Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ կառոյցի առընթեր:
Սրբազան հայրը նշեց, որ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ հարցով մտահոգուելու պատճառ չկայ եւ իրենք ամէն գնով պիտի շարունակեն այս հարցը բարձրաձայնել բարւոք լուծումի մը յանգելու համար: Ըստ սրբազան հօր, նախարարաց խորհուրդին կողմէ հրապարակուած եւ Տիարպէքիրի Սուր շրջանին մէջ գտնուող Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ պետականացման վերաբերող օրէնքը պէտք է ետ քաշուի նախարարաց խորհուրդին կողմէ, այլապէս իրենք պիտի շարունակեն պահանջել այդ օրէնքի բեկանումը:
Յիշեցնենք, որ անցնող 48 ժամերուն Պոլսոյ հայկական աղբիւրներ տեղեկութիւն փոխանցած էին այն մասին, որ Թուրքիոյ կառավարութիւը որոշած էր պետականացնել Տիարպէքիրի Սուր շրջանին մէջ գտնուող Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ընդհանուր տարածքը: Այս առումով Թուրքիոյ վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան նախագահ Ատնան Էրթէմ պարզաբանումներ ընելով ըսած էր, թէ Տիարպէքիրի մէջ բազմաթիւ շինութիւններ, ատոնց կարգին նաեւ Ս. Կիրակոս եկեղեցին նախարարաց խորհուրդի կողմէ շտապ կերպով ապասեփականացուած է, որպէսզի այդ շինութիւնները պահպանուին: Ըստ Էրթէմի, որոշումը իրաւասութիւն կու տայ, որպէսզի փլուին կամ ջնջուին պատմական շինութիւններու շրջակայքը կատարուած ապօրինի կառուցապատումները ու նաեւ ապահովուի այդ շինութիւններու տեսանելիութիւնը: Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնը նաեւ յայտնած էր, որ պատմական շինութիւնները պետականացնելու իրաւական գործընթացը շատ դժուար ընթացք մը պիտի ունենայ եւ ապասեփականացուած են նաեւ Սուրի Ս. Սարգիս հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ասորիներու սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ պատմական այլ ուխտատեղիներ ու անոնց պատկանող ամբողջ գոյքը:
Այս լուրի հրապարակումէն ետք տեղին է նշել, որ Հա. Տէ. Փէ. կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Կարօ Փայլան նաեւ հարցագիր մը ներկայացուցած էր Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաւուտօղլուին եւ անկէ պահանջած յստակացումներ տալ հրապարակուած օրէնքին վերաբերեալ: Պոլսոյ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նոյնպէս մտահոգութիւն յայտնած էր այս օրէնքին վերաբերեալ եւ դիմած էր Թուրքիոյ պատկան մարմիններուն, յաւելեալ յստակացումներու ստանալու նպատակով:
Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ մասնաւորապէս նախարարաց խորհուրդի կողմէ առնուած այս պետականացման որոշումը կրնայ լուրջ տագնապի վերածուիլ, եթէ իշխանութիւնները յետս չկոչեն հրապարակուած օրէնքը: Տեղին կը համարենք նշել, որ բողոքի աշխատանք մը նոյնպէս կը տանի փոքրամասնութիւններու մօտ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Տօքթ. Թորոս Ալճան:
Arevelk.am
Leave a Reply