ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան յայտնած է, որ երկրի վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուին ներկայացուած է հարցադիմում մը՝ Տիգրանակերտի Սուր գաւառին մէջ շարք մը տարածքներու եւ կառոյցներու պետականացման մանրամասնութիւնները յստակացնելու նպատակով:
Ինը կէտերէ բաղկացած հարցադիմումը Փայլան հրապարակած է «Facebook»ի իր էջին վրայ: Ան վարչապետին մասնաւորապէս հարց տուած է, թէ ի՞նչ է Սուր գաւառին մէջ ընդհանուր 6300 հողակտորի «անյապաղ պետականացման» որոշումին դրդապատճառը, եւ թէ այդ որոշումին հիմամբ ի՞նչ կարգադրութիւններ եղած են, ու ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուին Սուրի մէջ բնակող քաղաքացիներուն սեփականութեան իրաւունքները:
Կարօ Փայլան եւ անոր կողմնակիցները իրենց ներկայացուցած հարցադիմումով Տաւութօղլուէն նաեւ պահանջած են յստակացում, թէ՝ արդեօք պետականացման որոշումը պիտի ազդէ՞ տեղւոյն քրիստոնէական, ասորական եւ քաղդէական եկեղեցիներուն վրայ: Միաժամանակ, անոնք ուզած են յստակացնել, թէ ո՞ր չափանիշներով եւ օրէնքներով ընտրուած են «վտանգաւոր տարածքները»: Փայլան նաեւ հարց տուած է, թէ արդեօք ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող եկեղեցիներն ու սեփականութիւնը պետականացնելու որոշումը չի՞ հակասեր օրէնսդրութեան եւ Լօզանի համաձայնագիրին:
Նշենք, որ Թուրքիոյ հիմնարկներու գլխաւոր վարչութեան տնօրէն Ատնան Էրտեմ, պատասխանելով պետականացման վերաբերեալ «Ակօս» թերթի հարցումներուն՝ պնդած է, որ Թուրքիոյ նախարարական խորհուրդի այս որոշումը «ուղղուած չէ պատմական շէնքերուն եւ քաղաքացիական ճարտարապետական գործերուն դէմ, այլ նպատակ ունի զանոնք պաշտպանել»:
Asbarez.com
Leave a Reply