Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը Ապրիլ 24-ին Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսէյլի մէջ պիտի իրականացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ﬔծ ձեռնարկներ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Nouvelles d`Armenie-ն։
Փարիզի մէջ արդարութեան երթը պիտի ﬔկնարկէ Կոﬕտասի արձանին մօտէն:
Լիոնի մէջ ձեռնարկը պիտի իրականացուի հայկական եկեղեցւոյ շրջակայքին մէջ, իսկ Մարսէյլի մէջ` տեղի հայութիւնը 1915 թուականի Ապրիլ 24-ի պողոտայէն երթով պիտի շարժի դէպի Թուրքիոյ հիւպատոսարանի շէնք:
Փարիզի մէջ ձեռնարկը պիտի ﬔկնարկէ տեղի ժամանակով 15:30-ին, Լիոնի` 16:00-ին, Մարսէյլի մէջ` 11:30-ին:
http://www.yerakouyn.com/?p=103702
Leave a Reply