Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակին առթիւ, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը նախաձեռնած է ոգեկոչման համերգի մը՝ նուիրուած հայ հերոս Հրանդ Տինքի յիշատակին, համայնքիս համահայկական հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մասնակցութհամբ եւ գործօն աջակցութեամբ:
Համերգի կազմակերպիչ յանձնախումբին մաս կը կազմեն համահայկական հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները:
Յատկանշական է, որ ասիկա պիտի ըլլայ Հրանդ Տինքի ժառանգութեան նուիրուած սոյն ստեղծագործութեան առաջին ներկայացումը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: Այս ձեւով, սկիզբը պիտի դրուի Հայոց Մեծ Եղեռնի 101րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու շարքին:
Համերգը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի «Ambassador» հանրայայտ համերգասրահին մէջ, Ապրիլ 16ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին: Ներկայացման պատուոյ հիւրն է Ռաքել Տինք, որուն պիտի ընկերակցին նաեւ այս ստեղծագործութեան հեղինակ, երգահան, նշանաւոր երաժիշտ Մաժակ Թօշիկեան եւ քնարերգակ Պերճուհի Պէրպէրեան:
Լոս Անճելըս պիտի ըլլայ առաջին հանգրուանը այս գործին՝ Ամերիկայի ներկայացումներուն. անիկա ներկայացուեցաւ Երեւանի եւ Պոլսոյ մէջ, Սեպտեմբեր 2015ին եւ Յունուար 2016ին։ Սփիւռքի մեծագոյն գաղթօճախներէն մին հանդիսացող Լոս Անճելըսի մէջ, Հրանդ Տինք 2006ի Նոյեմբերին վերջին անգամ ելոյթ ունեցաւ իր ընկերներուն եւ հայրենակիցներուն առջեւ: Այս ձեռնարկը Տինքի թողած ժառանգութեան յարգանքի մէկ դրսեւորումն է:
Այս ոգեկոչումը միաժամանակ համերաշխութեան շարժառիթ պիտի հանդիսանայ նաեւ բոլոր հայերուն համար, որոնք Ցեղասպանութեան պահանջատէրերն են եւ կը սպասեն Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ճանաչման ու դատապարտումին։ Ցեղասպանութեան նորագոյն նահատակը դարձած Տինքը իր ժողովուրդին ձայնն էր: Ուստի, ազգովին միացած՝ բարձրաձայն գոչենք. «Մենք բոլորս Հրանդ Տինք ենք»:
Մինչեւ այսօր, հայ ազգին նկատմամբ կատարուած աննախադէպ այս յանցագործութեան արդար յատուցում չէ տրուած: Մինչ մենք կ՛ոգեկոչենք եւ կը պահանջենք արդարութիւն, այս միջոցառումը թոյլ կու տայ նաեւ յիշելու եւ յարգելու Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն առաւել 1 զոհը, եւ բոլոր աշխարհին յիշեցնելու այն մարդը, որուն ձգտումը դէպի ազնիւ երկխօսութիւն եւ սէրը համայն մարդկութեան՝ սպառնալիք կը նկատուէին հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած յանցագործութիւններու ժառանգոդներուն կողմէ:
Հետեւաբար, կը ցանկանք, որ մեր բոլոր հայրենակիցները, միանալով մեզի՝ ներկայ գտնուին գեղարուեստական այս երաժշտական ձեռնարկին: Պոլսահայ միութեան ջանքերով կազմուած համահայկական երգչախումբի խմբավարն է Ստեփան Կէօզիւմեան, որուն հմուտ ղեկավարութեան մականին տակ ձեզի պիտի ներկայացուի երաժշտական լանածաւալ ստեղծագործութիւն մը, յար եւ նման օփերայի, բացակայութեամբ միայն տարազներու, բեմանկարներու եւ կատարման գործողութեան: Հենտելի «Մեսիա»ն նմանատիպ ստեղծագործութեան մը լաւագոյն օրինակներէն է:
Նուագախումբի ղեկավարն է Արտաշէս Գարթալեան:
Ընթացքին պիտի կատարուի նաեւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, իսկ ձեռնարկի աւարտին խօսք պիտի առնէ Ռաքել Տինք։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ տոմսերու համար, դիմել Պոլսահայ միութեան գրասենեակը՝ (818) 342-0110 (818) 342-0110 թիւով, կամ bolsahye1976@gmail.com հասցէով, ինչպէս նաեւ՝ «Ապրիլ» գրախանութ՝ (818) 243–4112 (818) 243–4112, «Սարդարապատ» գրախանութ՝ (818) 500-0790 (818) 500-0790 կամ «Պերճ» գրախանութ՝ (818) 244-3830 (818) 244-3830 թիւերով, կամ այցելել www.itsmyseat.com կայքը։
(Թղթակցութիւնը՝ համերգի կազմակերպիչ յանձնախումբէն)
http://www.yerakouyn.com/?p=103547
Leave a Reply