Յեղափոխական երգերու երեկոյ՝ նուիրուած Թալէաթի ահաբեկման 95ամեակին

Յեղափոխական Երգերու ԵրեկոյՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի ՀԵԴի «Գէորգ Չաւուշ» ուխտին, Շաբաթ, Մարտ 12ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հակառակ ձեռնարկներու խաչաձեւումին, աւելի քան 300 ներկաներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Յեղափոխական երգերու երեկոյ՝ նուիրուած վրիժառու հայորդի Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի ահաբեկման 95ամեակին:

Նախ բեմ հրաւիրուեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ նոր հովիւը՝ Տաճատ վրդ. Աշըգեան, սեղաններու օրհնութիւնը կատարելու համար, ապա բեմ բարձրացաւ Դալար Եփրեմեան, որ ՀԵԴի «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն:
2016 տարեշրջանին գաղութիս մէջ կազմակերպուած գեղարուեստական ձեռնարկները ոչ միայն արուեստի բարձրորակ հանդէսներ կը հանդիսանան, այլ մեծապէս կը քաջալերուին գաղութիս զաւակներուն կողմէ, որոնք խուռներամ կը դիմեն դէպի սրահ, իրենց սիրտերու պապակը յագեցնելու, ինչպէս պատգամեց դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան՝ ՀՅԴ 125ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին. «Պահանջատէր ենք, որ Ֆրեզնօն վերադառնայ իր նախկին հմայքին։ Միասնաբար ո՛չ մէկ ճիգ պէտք է խնայել՝ սլացքը ուղղելու դէպի կազմակերպ եւ կայուն գաղութ։ Ֆրեզնոյի հայութիւնը պարտի ըլլալ այդ բռունցքին բթամատը»:
40 երկար տարիներու յեղափոխական երգերու վաստակը ուսին, Գառնիկ Սարգիսեան բեմ բարձրանալով՝ ժամեր շարունակ փոթորկեց ոչ միայն սրահի մթնոլորտը, այլ՝ հարիւրաւոր սիրտեր եւ հոգիներ։ Տարեցները՝ երիտասարդացած, ՀԵԴի ընկեր-ընկերուհիներուն հետ խանդավառօրէն կ՛ընկերանային Սարգիսեանի շուրթերէն հնչող երգերուն:
Այս խանդավառ մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր:
ՀԵԴ «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի ընկեր-ընկերուհիներուն ուրախութեամբ կը ձայնակցէին նաեւ Լոս Անճելըսէն ՀԵԴ ընկեր-ընկերուհիներ, որոնք իրենց դրօշակներով բեմին շուրջը բոլորուած՝ կ՛երգէին:
Բոլորիս ծանօթ են Սարգիսեանի մեկնաբանած երգերը, եւ վստահ ենք, որ ձեզմէ շատեր ներկայ գտնուած են անոր ելոյթներուն ու ջերմացած սիրտով ու հոգիով բաժնուած սրահէն: Երգիչ Գառնիկ Սարգիսեանի ներդրումը հայկական յեղափոխական երգերու անդաստանին մէջ գերգնահատելի է։ 40 տարիներ, ան լիաբուռն սերմանած է հայորդիներու սիրտերուն մէջ յեղափոխական երգերուն հանդէպ սիրոյ կրակը։
95 տարիներ առաջ, 15 Մարտ 1921ին, Գերմանիոյ Հարտենպերկ Շթրասէի թիւ 17 տան առջեւ, մայթին վրայ, Սողոմոն Թեհլիրեան ահաբեկեց Թալէաթ փաշան:
Թեհլիրեան այսպէս կր պատմէ իր «Վերյիշումներ» հատորին մէջ. «Մօտենում էինք իրար: Նա գալիս էր ճեմելու ձեւով, ձեռնափայտը անփոյթ ճօճելով: Մի կարճ տարածութիւն մնացած՝ զարմանալի անդորրութիւն համակեց էութիւնս: Հաւասարուելու վրայ, Թալէաթ շեշտակի նայեց ինձ. աչքերի մէջ առկայծեց մահուան սարսուռը: Վերջին քայլը բեկուեց, մի քիչ թեքուեց, որ խուսափի, բայց զէնքը դուրս քաշելս ու գլխին պարպելս մէկ եղաւ։ Սեւ, թանձր արիւնը վայրկեանապէս լճացաւ Թալէաթի գլխի շուրջ»։
Սիրելի ընթերցող, երբ Սողոմոնը կը բռնեն, անմիջապէս ամբոխը զինք կը շրջապատէ եւ բռունցքները ճօճելով վրան կը յարձակի… կը քաշքշեն եւ անխնայ կը հարուածեն զայն. գլուխէն արիւն կը սկսի հոսելու։ Ապա ոստիկանները զինք կը տանին ոստիկանատուն:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ