Ցեղասպանութեան 100ամեակին լոյս տեսած Մարտիկ Մատէնճեանի «Բռնագրաւուած դրախտը. բռնագաղթ դէպի ոչնչութիւն»ը՝ անգլերէնով

Բռնագրաւուած ԴրախտըՏասներկու տարուան ուսումնասիրութենէ եւ հետազօտութենէ, երեք տարի ալ հրատարակիչ մը փնտռելէ ետք, Մարտիկ Մատէնճեանի անգլերէն նոր գիրքը՝ «Ravished Paradise. Forced March to Nothingness»ը լոյս տեսաւ Յունուար 2016ին:

Մարտիկի մայրը, մահէն երկու ամիս առաջ, 2001ին, անակնկալ կերպով տղուն ըսած էր. «Տղաս, պատմութիւնս չգրեցիր»:
Մօր մահէն ետք Մարտիկ մտածեց, թէ ինչպէս պիտի գրէր մօրը կեանքը, ամէն անգամ երբ հարցուցած էին իրեն անցեալի մասին՝ «Ամա՜ն, մի յիշեցնէք այդ տխուր օրերը», ըսած էր:
Սակայն Մարտիկ որոշեց ծնողքին կենսագրութիւնը գրել՝ Ցեղասպանութեան մասին գիրքերու ցանկը եւս գիրքով մը ճոխացնելու նպատակով: Մանաւանդ որ Թուրքիոյ մէջ սկսած էին Ցեղասպանութեան մասին դրական արտայայտութիւններով խօսելու: Այդ թուրքերուն նեցուկ կանգնելու եւ անոնց փաստ մը եւս տալու մտադրութեամբ, ծրագիրը գործադրութեան դրաւ:
Համագիւղացիներու զաւակներուն դիմեց մանրամասնութիւններ քաղելու համար: Ցեղասպանութենէ վերապրած մէկը չէր մնացած: Անոնց զաւակներէն լսեց որքան կարելի էր: Մինչեւ Թահիթի ճամբորդեց հանդիպելու համար չեփնիցի Աբրահամ Սինանեանին, որուն հայրը 1915ին 31 տարեկան էր եւ յաճախ մանրամասն պատմած էր Ցեղասպանութեան մասին: Մանաւանդ Աբրահամի հայրը իսլամանալով, ողջ մնացած էր զանազան շրջաններու մէջ, մինչեւ որ Պոլիս գաղթէր:
Ճամբորդեց զանազան քաղաքներ՝ Պէյրութ, Փարիզ, Մարսէյ, Աթէնք, նոյնիսկ Երեւան, Կիւմրի եւ Բերքաշատ, հայրենակիցներու հանդիպելու եւ անոնցմէ տեղեկութիւն քաղելու համար: Յաջողութեամբ պսակելէ ետք շրջապտոյտները, գրի առաւ ամէն ինչ: Համագիւղացիներուն մասին լման տեղեկութիւն քաղելէ ետք պարտք զգաց ծնողքին ծննդավայրը այցելել, հոն թուրքերու հանդիպիլ եւ լսել անոնց տալիք տեղեկութիւնները:
Թուրքիա այցելութիւնն ալ յաջող անցաւ:
Այդ բոլոր լսածներն ու քաղած տեղեկութիւնները մէկ գիրքի մէջ անկարելի էր տեղադրել: Ուստի որոշեց երեք հատորով պատմել Ցեղասպանութեան մասին ունեցած մանրամասնութիւնները, որոնք ո՛չ մէկ հայկական կամ օտար գիրքերու մէջ գոյութիւն ունէին: Հպարտ էր կատարած պտոյտներուն եւ ծախսած գումարներուն համար: Վստահ էր, որ գիրքը մեծ յաջողութեան պիտի արժանանար:
Առաջին հատորը՝ «Բռնագրաւուած Դրախտը. Բռնագաղթ Դէպի Ոչնչութիւն», լոյս տեսաւ Ապրիլ 2013ին: Այդ հատորը կը պատմէ, թէ ինչպէս Չեփնի գիւղը հիմնուեցաւ, ինչպէս շատցան եւ եկեղեցի կառուցեցին: Ինչպէս դիմադրեցին Համիտիէի գունդերուն եւ փրկուեցան ընդհանուր կոտորածներէն: Կ՛երթայ մինչեւ 1915 եւ կը նկարագրէ բռնագաղթը, Դաշնակիցներու իրարու դէմ լարած դաւադրութիւնները, Արարայի ճակատամարտը եւ ազատագրուած Կիլիկիա վերադարձը, որմէ ետք վերապրած ժողովուրդը Լիբանան հաստատուեցաւ:
Վեց ամիս ետք, գիրքին յաջողութիւն գտնելը զինք խթանեց Լիբանանի քսանամեայ պատերազմը նկարագրելու, եւ հրատարակեց «Նոր Օրերու Ֆետայիներ. Լիբանանի Մեր Տղաքը» հատորը: Այդ ալ յաջողութիւն գտնելով, 2014ի Մայիսին հրատարակեց «Բռնագրաւուած Դրախտ…»ին երկրորդ հատորը՝ «Մեր Հողերը, Մեր Հողերը» խորագիրով:
Երկրորդ հատորը, զոր հրատարակեց 2014ի Մայիսին, կ՛ընդգրկէ վերապրած ժողովուրդին Լիբանան հաստատուիլը, անոնց պայքարը ամէնօրեայ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար եւ անոնցմէ սերած նոր սերունդին պահանջը մեր հողերուն նկատմամբ, Եղեռնի 50ամեակը, Արցախի պատերազմը եւ մինչեւ 2001 թուականը:
Երրորդ հատորին մէջ, որ հրատարակուեցաւ 2014 Յուլիսին, Մարտիկ կը նկարագրէ Թուրքիա կատարած իր այցելութիւնը եւ բռնագաղթի ճանապարհին ուսումնասիրութիւնը: Ցեղասպանութենէն ետք առաջին հայն էր, որ գիւղ կ՛այցելէր:
2014 Յունիսին, Մարտիկ հրատարակեց «Կարօն ու Մարօն» եւ «Խանասորի Արշաւանքը»: Հոս կ՛արժէ դրուատել ընթերցողները, որոնք Մարտիկի հրատարակած բոլոր գիրքերը գնեցին ու կարդալէ ետք գովասանքով արժեւորեցին իր կատարած գործը: Լիբանանի պատերազմի 40ամեակին առթիւ, Համազգայինը Պէյրութի մէջ հրատարակեց «Լիբանանի Մեր Տղաքը»՝ ի խնդութիւն լիբանանահայ գաղութին:
Մարտիկի այս նոր, բայց հին գիրքը պէտք է գտնէ նախորդ գիրքերուն յաջողութիւնը: Երբ հայերէն հատորը հրատարակեց, գտնուեցան մարդիկ, որոնք անգլերէնը ուզեցին: Իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է մեր Դատը օտարներուն ծանօթացնելը, եւ այս գիրքը յարմար առիթ է նուիրելու գիրք մը իրենց օտար բարեկամներուն:
Քոնկրեսմեններ Էտըմ Շիֆ եւ Ճուտի Չու դրուատական խօսքեր ուղղած են։

«Մարտիկ Մատէնճեանի «Բռնագրաւուած Դրախտը. Բռնագաղթ Դէպի Ոչնչութիւն» գիրքը կը յիշատակագրէ իր ծնողքին ցնցիչ պատմութիւնը եւ կը յայտնաբերէ մղձաւանջային պատկերներ Հայկական Ցեղասպանութեան զարհուրանքներէն: Իր գիրքը կարեւոր ներդրում մը կը կատարէ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծիրէն ներս եւ մարդկային պատմութեան այս սեւ էջին վրայ հարազատ ակնարկ մը կը հայթայթէ»:
Էտըմ Շիֆ՝ Քոնկրեսի ներկայացուցիչ Քալիֆորնիոյ 28րդ ընտրաշրջանէն, Աւագ անդամ Ներկայացուցիչներու տան Տեւական ընտրեալ տեղեկատուութեան կոմիտէի

«Մարտիկ Մատէնճեանի «Բռնագրաւուած Դրախտը. Բռնագաղթ Դէպի Ոչնչութիւն» գիրքը զօրաւոր կերպով կը միաձուլէ պատմական դէպքերն ու անձնական պատմութիւնները՝ ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին պատահած զարհուրանքները: Բազմաթիւ ժամեր տրամադրուած են հետազօտելու եւ պատրաստելու իր ծնողքին եւ Ցեղասպանութեան երկու միլիոն զոհերու ցաւալի պատմութիւնները, լուսարձակի տակ առնելով յաճախ ժխտուած եւ զանց առնուած պատմութիւնը, որ բոլորին կողմէ պէտք է իմացուի: Մարդ արարածը չի կրնար չցնցուիլ, երբ կը հետեւի լման գիւղերու եւ ընտանիքներու հանդէպ գործադրուած վատ վերաբերումներուն եւ բռնի քալեցնելու արարքներուն: Այս գիրքին մէջ նկարագրուած եղերական պատմութիւնները յաւելեալ պարտադրական պատճառ մըն են, թէ ինչո՛ւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչցուի»:
Ճիւտի Չու, PhD.՝
Քոնկրեսի ներկայացուցիչ Գալիֆորնիոյ 27րդ ընտրաշրջանէն
Օգոստոս 14, 2015

«Kirkus Reviews» տուաւ երկար գրախօսական մը, ուր երկու անգամ կը յիշուի Ցեղասպանութիւն բառը եւ մէկ անգամ՝ բնաջնջութիւն բառը: Ստորեւ հատընտիր տողեր այդ գրախօսականէն.
«Փառաւոր աշխատասիրութիւն մը Ցեղասպանութենէ վերապրած ծնողքի մը զաւակէն: Մատէնճեան… անջնջելի նկարագիրներ կը զետեղէ դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդին հանդէպ Օսմանեան տիրապետութեան կատարած զարհուրանքներուն անդէմք պատմութիւններուն մէջ: Հարցը իր գագաթնակէտին հասաւ Համաշխարհային Առաջին պատերազմին ժամանակ, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը սկսաւ լուծուիլ, եւ իշխանութիւնները ուզեցին բնաջնջել մնացած հայ ժողովուրդը: Մատէնճեան Ցեղասպանութիւնը կը նկարագրէ ընդհանրապէս, հետեւելով օրինակին իր ծնողքին, որոնք այդ ժամանակ երեխաներ էին եւ վերապրեցան Չեփնիի ջարդերը: Սպառիչ կերպով հետազօտուած… գիրք մը՝ ժամանակակից պատմութեան եղերական դէպքի մը մասին»:
Մարտ 31ին, Հինգշաբթի, Փասատինա գտնուող Sequoyah School-ի տեսչութիւնը աշակերտներու ծնողներուն համար կազմակերպած է ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն մը, ուր Մարտիկ պիտի ներկայացնէ իր գիրքը. հեղինակը գիրքէն մէջբերումներ պիտի կարդայ եւ ապա մակագրէ զանոնք: Քաջալերելու համար հեղինակը, հաճելի պիտի ըլլար հայերու ներկայութիւնը:
Հասցէն է՝ Sequoyah School, 535 South Pasadena Ave, Pasadena, 91105. From 3:45 to 4:45 p.m.

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ