Ցեղասպանութեան մասին խօսիլը օժանդակեց Արժանթինի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակի բարելաւման

ԱրժանթինՀարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Արժանթինի մէջ զինուորական յեղաշրջման 40-ամեակին առիթով հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որ տեղադրուած է Prensaarmenia.com.arկայքին վրայ:

Յանձնախումբը կը նշէ, որ ժողովրդավարութեան վերականգնումէն ետք Արժանթին մեծ նուաճումներ արձանագրած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ:

«Հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած Ցեղասպանութեան ճանաչման, արդարութեան եւ փոխհատուցման համար մեր պայքարը իր մեծագոյն յաջողութիւնները արձանագրեց այն ատեն, երբ ընդհանուր առմամբ շեշտը դրուեցաւ մարդու իրաւունքներուն առնչուած խնդիրներուն վրայ: Միեւնոյն ատեն հայկական խնդիրները լուսարձակի տակ առնելը եւս օգտակար էր Արժանթինի մէջ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն ծանօթանալու առումով», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաստատէ, որ 1976 թուականին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման իւրաքանչիւր տարելից առիթ է վերադառնալու յիշողութեան եւ կառուցելու ապագան` առանց անցեալը ժխտելու:

http://www.aztagdaily.com/archives/287127

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ