Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 17 մարտ 2016, հինգշաբթի, ժամը 16.30-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Շիշլիի Գերեզմանատան Յանձնախումբի անդամները։ Տեսակցութեան ներկայ եղաւ նաեւ յայտնի արուեստագէտ Էրօլ Սարաֆեան։
Այցելուներ, յայտնեցին թէ, Էրօլ Սարաֆեանի ձեռամբ պատրաստուած էր Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն յայտնի դէմքերէն եւ Պատրիարքական Աթոռոյս վախճանեալ գահակալներէն Երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի արձանը։ Աշխատութնները աւարտած ըլլալով, արձանը պիտի տեղադրուէր Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ։
Այսուհետեւ, ներկաներ տեղեկացուցին թէ, բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ, 28 մարտ 2016, Երկուշաբթի, Ս. Յարութեան Տաղաւարի Մեռելոցին, ժամը 16.00-ին։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց սոյն նախաձեռնութիւնը եւ խոստացաւ ներկայ գտնուիլ սոյն բացման հանդիսութեան։
Այս մասին կը յայտնէ Պատրիարքութիւն Հայոցը, Facebook-ի իր էջին:
http://www.yerakouyn.com/?p=103396
Leave a Reply