Ամերիկայի թրքական կազմակերպութիւնները կը միանան Ցեղասպանութիւնը ուրանալու արշաւին

Ամերիկայի Թրքական ԿազմակերպութիւններըԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող թրքական աւելի քան 150 կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ ձեւաւորուած է Թուրք-ամերիկեան ազգային ղեկավարման յանձնախումբը (Turkish American National Steering Committee, TASC), որուն գլխաւոր նպատակն է պայքարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ:

Թրքական իշխանամէտ «Սապահ» թերթը կը գրէ, թէ TASC իր տարածած յայտարարութեան մէջ նշած է, որ իր նպատակն է ամերիկեան հասարակութիւնը իրազեկ դարձնել Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ «պատմական ճշմարտութեան» մասին:

Կը նշուի նաեւ, որ յանձնախումբին նպատակներէն մէկն է նպաստել թուրքերուն, որ ամերիկեան քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ աւելի գործօն ներայութիւն ըլլան, միաժամանակ փորձելով ամերիկեան հասարակութեան եւ իշխանութիւններուն մօտ Թուրքիոյ մասին դրական ընկալումներ ձեւաւորել՝ շեշտելով «Թուրքիոյ ռազմավարական կարեւորութիւնը»:

Յանձնախումբի հիմնադիրներէն են՝ Իպրահիմ Ույար, Կիւնայ Օվունճ, Տերիա Թաշքին եւ Մուրատ Կիւզել:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ