Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձին գծով սակարկութիւն պիտի չընենք Թուրքիոյ հետ. Արամ Ա

Սիսի ԿաթողիկոսարանԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որ 2015ի Ապրիլին Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձին պահանջով դիմած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան, այդ հայցի քննութեան պահանջով նոր դիմում մը ներկայացուցած էր քանի մը շաբաթ առաջ՝ դատարանէն խնդրելով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայցը դասել առաջնահերթ դատերու շարքին:

Թրքական «Հապերթիւրք» թերթի կայքը կը գրէ, թէ դիմումը ներկայացուած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլուի կողմէ:

Փաստաբան Սոֆուօղլու ըսած է, որ այս հայցը կը միտի գոյքը վերադարձնելու, եւ անցեալի իրադարձութիւնները քննարկելու նպատակ երբեք չունի:

«Եթէ յաղթենք, կը դիմենք առաջին ատեանի դատարան, որպէսզի իրականացուի սահմանադրական դատարանի որոշումը: Իսկ մեր հայցի մերժման պարագային, կը դիմենք Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան», ըսած է ան:

Վերջինս փոխանցած է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսի այն ուղերձը, ուր կ՛ըսուի. «Այս գծով Թուրքիոյ հետ սակարկութիւն պիտի չընենք: Պիտի մերժենք փոխհատուցման մէկ այլ տարբերակ: Միայն կը փափաքինք, որ վերադարձուին այն գոյքերը, որոնք աւելի քան 800 տարի մեզի պատկանած են: Եթէ Թուրքիա կը փափաքի մտերմանալ հայ ժողովուրդին հետ, ապա ասիկա ամենայարմար պահն է»:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ