Նորա Արիսեանի «Կոմիտասն ու հայկական երաժշտութիւնը» գիրքի ներկայացումը Դամասկոսի մէջ

Նորա ԱրիսեանԵրեքշաշբթի, 22 մարտ 2016-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին Դամասկոսի Երաժշտական բարձրագոյն ուսումնարանի մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան, թարգմանիչ, Արաբ գրողներու միութեան անդամ եւ Սուրիոյ խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն թեկնածու դոկտ. Նորա Արիսեանին լոյս ընծայած արաբերէն լեզուով «Կոմիտասն ու հայկական երաժշտութիւնը» խորագրով գիրքի ներկայացման կլոր սեղան: Այս մասին կը հաղորդէ PERIO NEWS-ը։

Ձեռնարկին ներկայ էին Սուրիոյ Մշակոյթի փոխնախարար Պասսամ Նեպիլ Ապու Ղանամ, Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան փրոֆ. դոկտ. Արշակ Փոլատեանը, Ղովմի Սուրի կուսակցութեան ղեկավար Ժոզեֆ Սուետը եւ նշեալ կուսակցութեան Մշակոյթի բաժնի տնօրէն Նեպիլ Սէլմէն, Երաժշտական բարձրագոյն ուսոմնարանի բոլոր բաժանմունքներու տնօրէնները, ուսուցչական կազմն ու աշակերտները, ինչպէս նաեւ մամուլի ներկայացուցիչներ եւ երաժշտագէտներ:

Գիրքի ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ դոկտ․ Նորա Արիսեանը, Սուրիոյ Ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանը, Երաժշտական բարձրագոյն ուսումնարանի տնօրէն Մայեսթրօ Անտրէ Մաալուլին եւ լրագրող Իտրիս Մուրատը:

Գիրքը ներկայացնողները ամէն մէկը իր մասնագիտութեամբ լուսարձակի տակ առաւ Կոմիտասի մասին հրատարակուած գիրքի արաբերէն լոյս ընծայումը, անոր կարեւորութիւնն ու ծանօթացումը արաբ երաժշտագէտին, ազգայինին, ուսումնասիրողին եւ վերջապէս ընթերցողին:

Արդարեւ, առաջին անգամ ըլլալով Կոմիտասի մասին արաբերէն լեզուով հրապարակուած սոյն գիրքը կը պարունակէ զանազան գիրքերէ ընտրուած 11 ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ. Ինչպէս՝ Ռոպերթ Աթայեանի «Կոմիտասական» ժողովածուէն թարգմանուած է կարգ մը ուսումնասիրութիւններ՝ «Կոմիտասի երաժշտական ժառանգութիւնը», Մ. Մուրատեանի «Եկմալեանի պատարագը Կոմիտասի գնահատմամբ», Ն. Թահմիզեանի «Հայոց հոգեւոր երգարվեստի ուսումնասիրութեան հարցեր» եւ այլն: Ինչպէս նաեւ Խաչիկ Սաֆարեանի «Կոմիտաս Սքանչելագործ» գիրքէն՝ «Խազերի վերծանութեան խնդիրները», «Կոմիտասը եւ ռուսական երաժշտութիւնը» եւ «Կոմիտասը եւ քրտական երաժշտութիւնը» յօդուածներ, ինչպէս նաեւ հատուածներ Հրանդ Գէորգեանի «Շնչել, ապրիլ Կոմիտասով» գիրքէն, իսկ Վարդան Վարդանեանի «Յաւերժ Ճամբորդ» գիրքէն՝ «Կենդանի նահատակը»:

Գիրքի երաժշտական խմբագրութիւնը կատարած է Սուրիոյ սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Մայեսթրo Միսաք Պաղպուտարեանը, որ իր մուտքին մէջ կը քաջալերէ արաբական աշխարհին մէջ երիտասարդ երաժիշտները վարպետ Կոմիտասի ուղղիով գալել եւ ժողովրդական երաժշտութիւնը վաւերացնել:

Գիրքը կը բաղկանայ 160 էջերէ: Գիրքի թարգմանիչ դոկտ. Արիսեան իր նախաբանին մէջ նշած է, թէ գիրքը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ Կոմիտասի մահուան 80-ամեակին, յոյս յայտնելով, որ հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը մարմնաւորող Կոմիտաս հանճարը ներկայացնելով գիրքը ներդրում կը հանդիսանայ արաբական գրադարանին:

Յայտնենք, թէ ելոյթ ունեցաւ ուսանող երգիչ Լեւոն Ապաճեանը, որ մեներգեց Կոմիտասի «Տէր Ողորմեա»ն:
Վերոնշեալ խիստ կարեւոր իրադարձութեան նախքան աւատը խօսքեր արտասանեցին դեսպան Արշակ Փոլատեանն ու Ղովմի Սուրի կուսակցութեան ղեկավար Ժոզեֆ Սուետը:

Աւարտին թարգմանիչ դոկտ. Նորա Արիսեան գիրքէն մէկական օրինակ մակագրեց եւ անվճար բաժնեց ներկաներուն:

http://www.yerakouyn.com/?p=103192

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ