Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով սուր բանավէճ Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ

Ալեքսիս ՑիփրասՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ սուր բանավէճ մը ծայր առած է անցեալ շաբաթ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Աթէնք տրուած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարուած յայտարարութիւններուն հետեւանքով։

Այցելութեան ընթացքին, Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փավլոփուլոս եւ վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս դատապարտած են Հայոց եւ Պոնտոսի ցեղասպանութիւնները։

Անցած շաբաթավերջին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ խիստ քննադատութիւն ուղղեց Յունաստանէն բարձրացող այս արտայայտութիւններուն դէմ։ Բանբերը դիտել տուաւ, որ վերոյիշեալ յայտարարութիւնները «հիւանդագին բնոյթ ունին» եւ անոնք ուղղակի յարձակում են թրքական ինքնութեան վրայ։ Ան աւելցուց, որ ամէն տարի Ապրիլ 24ին, Հայաստանի մէջ կը նշուի «իբրեւ թէ կատարուած» Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ «Այս տարի եւս, Ապրիլ 24ի նախօրեակին նմանօրինակ քարոզչութիւն կը պատրաստուի, եւ ասիկա սկիզբ առաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Աթէնք այցելութեամբ», ըսաւ Պիլկիչ՝ շատ խիստ լեզուով դատապարտելով այդ քայլերը։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան այս յայտարարութեան անմիջապէս նոր պատասխան մը եկաւ Յունաստանէն։ Արդարեւ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Քոսթանթինոս Փութրաս պնդեց նախապէս ըսուածներուն վրայ եւ աւելցուց, թէ Թուրքիա իր մտասեւեռումները մէկդի պէտք է դնէ եւ հաշտուի իր անցեալին հետ։

«Թրքական կողմը իր հաշուոյն չեկած կէտերը կը մերժէ, սակայն այն պայմանները, որոնց մէջ կը գտնուինք ներկայիս, չեն արտօներ, որ աժան եւ երկերես յայտարարութիւններ ընենք։ Յունաստանէն բարձրացող քննադատութիւնները թուրք ժողովուրդին նկատմամբ ատելութիւն սերմանելու համար չեն կատարուած. մենք վրիժառութեան զգացումներ չունինք. մենք պարզապէս կը խօսինք, որպէսզի մարդկութեան դէմ գործուած նմանօրինակ յանցանքներ դարձեալ չկրկնուին», ըսաւ յոյն բանբերը։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ