Շաբաթ օր Պոլսոյ մէջ գրանցուած պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած Օքսէն Խաչանեան կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ եւ անոր վիճակը կայուն է:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Օքսէնի եղբօրմէն ՝ Աշոտ Խաչանեանէն: Մեր խօսակիցը նաեւ յայտնեց, որ վնասուած են Օքսէնի երկու թեւերը եւ ան բուժման հանգրուան մը պիտի անցընէ հիւանդանոցէն դուրս գալէն ետք: Ձայնի հաղորդավարութեամբ զբաղող պոլսահայ երիտասրդը Թաքսիմի բնակիչ է եւ այդ օր սովորականին պէս շրջանէն անցնելով կը փութար տուն:
Նշենք, որ Պոլսոյ կեդրոնական «Իսթիքլալ» փողոցին մօտ եղած պայթումին հետեւանքով զոհուած էին 5 անձեր, որոնց գերակշռող մասը զբոսաշրջիկներ էին: Թուրքիոյ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ ու երկրին մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն հետեւանքով վերջին մէկ տարուան ընթացքին զոհուած են 80 անձեր:
Arevelk.am
Leave a Reply