Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Քէպէքի միացեալ մարմնի կոչը

The Armenian GenocideՍՐՏԱԳԻՆ ԿՈՉ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Սիրելի հայրենակիցներ.

Գոհունակութեամբ կը տեղեկացնենք թէ համագործակցութեան այն ոգին, որու միջոցաւ մեծ յաջողութեամբ իրագործուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներու շարքը Գանատայի տարածքին, կը քաջալերէ մեզ որ նոյն ոգիով եւ համաժողովրդական մակարդակով շարունակենք նշել Ցեղասպանութեան 101-րդ տարեդարձը, արժանավայել կերպով յարգելու մեր նահատակներու անմոռաց յիշատակը եւ հաստատելու մեր արդար պահանջատիրութեան եւ հաւաքական աննկուն կամքը:

Այդ նպատակաւ նախնական քայլերը առնուած են ու կազմուած է Միացեալ Յանձնախումբ մը, համագաղութային տարողութեամբ ընթացք տալու միացեալ ձեռնարկներու կազմակերպութեան, սկսելով յառաջիկայ Ապրիլեան նշումներու շարքէն: Այս գործակցութիւնը պիտի ստանայ մնայուն բնոյթ ամբողջ տարուան ընթացքին համագաղութային չափանիշով նշելու համար համազգային տարողութեամբ միջոցառումներ:

Միասնականութեան նախընթացը որ ստեղծուեցաւ վերջին շրջանին Գանատայի հայ գաղթօճախի տարածքին եւ որ հետզհետէ յաւելեալ թափով կը ծաւալի, վստահ ենք թէ պիտի արժանանայ մեր ժողովուրդի բարձր համարումին ու քաջալերութեան:
Յարգանքներով՝

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Քէպէքի միացեալ մարմին

Մոնթրէալ

http://horizonweekly.ca/news/details/82648

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ