Թուրքիան շանթաժի կ՝ենթարկէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած պուլկարական համայնքները

Հայոց ՑեղասպանութիւնՊուլկարիոյ երեք քաղաքներ Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ միջեւ սահմանային համագործակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս ԵՄ-էն նիւթական աջակցութիւն չեն ստանար, քանի որ Թուրքիան կը հրաժարի համագործակցիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած քաղաքներու իշխանութիւններուն հետ: Այս մասին, ըստ News.am-ի, կը հարողդէ Euractiv.com-ը:

Այսպիսով, Պուրկաս, Խասքովօ եւ Սուիլէնկրատ քաղաքները պիտի կորսնցնեն քանի մը միլիոն տոլար, քանի որ չեն կրնար թուրք գործընկեր գտնել: Նախագիծերը կը վերաբերին տարերային աղէտներու կանխման ու հետեւանքներու մեղմացման: Խասքովոյի համար, ուր գետերը կամուրջներ եւ ջրապատնէշներ կը քանդեն եւ ուր կ՝արձանագրուին մեծ թիւով ջրհեղեղներ, նախագիծերու սառեցումը իսկական խնդիր է:

Թրքական Էտիրնէի քաղաքապետ Ռեճեփ Կիւրքանի խօսքով, որուն հետ նախապէս կը համագործակցէր պուլկարական Խասքովոն, Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութենէն իրենց արգիլած են շարունակել համագործակցութիւնը, երբ պուլկարական քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատուին զբօսայգի մը անուանակոչած են: Կիւրքանը Խասքովոյի իշխանութիւններուն առաջարկած է մէկ անգամ եւս քուէարկել որոշման շուրջ եւ չեղեալ յայտարարել զայն` համագործակցութիւնը վերականգնելու համար:

Խասքովոյի քաղաքապետ Տոպրի Պելիվանովը իր հերթին ընդգծած է, որ ոչ ոք իրաւունք ունի միջամտելու իրենց որոշումներուն:

Ըստ Euractiv.com-ի, Պրիւքսէլը չի կրնար որեւէ քայլ ձեռնարկել եւ պիտի դադրեցնէ նիւթական աջակցութիւնը, քանի որ այդպիսի նախագիծերու համար հարեւան երկրէն անհրաժեշտ է գործընկեր:

http://www.yerakouyn.com/?p=102762

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ