Պուլկարիոյ երեք քաղաքներ Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ միջեւ սահմանային համագործակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս ԵՄ-էն նիւթական աջակցութիւն չեն ստանար, քանի որ Թուրքիան կը հրաժարի համագործակցիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած քաղաքներու իշխանութիւններուն հետ: Այս մասին, ըստ News.am-ի, կը հարողդէ Euractiv.com-ը:
Այսպիսով, Պուրկաս, Խասքովօ եւ Սուիլէնկրատ քաղաքները պիտի կորսնցնեն քանի մը միլիոն տոլար, քանի որ չեն կրնար թուրք գործընկեր գտնել: Նախագիծերը կը վերաբերին տարերային աղէտներու կանխման ու հետեւանքներու մեղմացման: Խասքովոյի համար, ուր գետերը կամուրջներ եւ ջրապատնէշներ կը քանդեն եւ ուր կ՝արձանագրուին մեծ թիւով ջրհեղեղներ, նախագիծերու սառեցումը իսկական խնդիր է:
Թրքական Էտիրնէի քաղաքապետ Ռեճեփ Կիւրքանի խօսքով, որուն հետ նախապէս կը համագործակցէր պուլկարական Խասքովոն, Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութենէն իրենց արգիլած են շարունակել համագործակցութիւնը, երբ պուլկարական քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատուին զբօսայգի մը անուանակոչած են: Կիւրքանը Խասքովոյի իշխանութիւններուն առաջարկած է մէկ անգամ եւս քուէարկել որոշման շուրջ եւ չեղեալ յայտարարել զայն` համագործակցութիւնը վերականգնելու համար:
Խասքովոյի քաղաքապետ Տոպրի Պելիվանովը իր հերթին ընդգծած է, որ ոչ ոք իրաւունք ունի միջամտելու իրենց որոշումներուն:
Ըստ Euractiv.com-ի, Պրիւքսէլը չի կրնար որեւէ քայլ ձեռնարկել եւ պիտի դադրեցնէ նիւթական աջակցութիւնը, քանի որ այդպիսի նախագիծերու համար հարեւան երկրէն անհրաժեշտ է գործընկեր:
http://www.yerakouyn.com/?p=102762
Leave a Reply