Պուլկարիոյ Պուրկաս, Խասքովօ եւ Սվիլենկրատ քաղաքներու քաղաքապետարանները կրնան չստանալ Եւրոպական Միութեան խոստացած նիւթական կարգ մը հատուցումներ, որոնք նախատեսուած էին Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ անդրսահմանային համագործակցութեան համար: Պատճառը՝ թրքական կողմին բացասական դիրքորոշումն է նշեալ քաղաքներուն դէմ, անոնց կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պատճառով։
Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ «Պի.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ քաղաքներու իշխանութիւնները համոզուած են իրենց գործողութիւններուն իրաւացիութեամբ եւ պիտի չարտօնեն, որ որեւէ պետութիւն միջամտէ իրենց ներքին գործերուն:
Նշեալ արգելքը կու գայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ թրքական քաղաքներուն վրայ ճնշում բանեցնելով՝ արտօնութիւն չի տար գործակցելու այն քաղաքներուն հետ, որոնք կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս պատճառով ալ, պուլկարական քաղաքները կրնան կորսնցնել քանի մը միլիոն եուրօ:
Խասքովոյի հետ նախապէս համագործակցած թրքական Էտիրնէ քաղաքի քաղաքապետ Ռեչեփ Կիւրքան նշած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումը վերջնական է։ «Խասքովոյի հետ մենք շատ լաւ աշխատած ենք, սակայն այժմ կայ արտաքին գործոց նախարարութեան արգելքը: Պատճառը նախորդ տարի Խասքովոյի քաղաքապետական խորհուրդի որոշումն էր, որով ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ քաղաքին մէջ այգի մը անուանակոչուեցաւ», ըսած է Կիւրքան:
Պուրկասի եւ Սվիլենկրատի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները նաեւ վատթարացան, երբ պուլկարական այս քաղաքները որդեգրեցին հռչակագիրներ, որոնցմով կը դատապարտուէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Պի.Թի.Վի.»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Կիւրքան խորհուրդ տուած է նշեալ քաղաքներուն ետդարձ կատարել այդ որոշումներէն՝ յանուն Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան:
«Ոչ ոք կրնայ միջամտել, թէ մենք ինչպէ՛ս կ՛անուանենք փողոց մը կամ այգի մը», իր կարգին նշած է Խասքովոյի քաղաքապետ Տոպրի Պելիվանով:
Նշենք, որ Պուլկարիա, անցեալ ամիս, Պուրկասի մօտ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանէն ներս աշխատող թուրք դիւանագէտ մը «անբաղձալի անձ» որակած է՝ նշելով, որ այդ թուրք դիւանագէտը երկրին մէջ կը ծաւալէ այնպիսի գործունէութիւն, որ կը խախտէ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մասին Վիեննայի համաձայնագիրը:
http://www.yerakouyn.com/?p=102643
Leave a Reply