Որքանո՞վ տէր ենք մեր լեզուական իրաւունքներուն

ԼեզուԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ կը գրէ.

Լե­զուն պա­հելն ու պահ­պա­նե­լը միայն պար­տա­կա­նու­թիւն ու պար­տա­ւո­րու­թիւն չեն, այլ նաեւ ու ա­մէ­նէն ա­ռաջ` ի­րա­ւունք: Ա­մէն ա­ռի­թի լե­զուն պա­հե­լու եւ զար­գաց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին կը խօ­սինք, բայց շատ քիչ կ՛անդ­րա­դառ­նանք լե­զո­ւա­կան մեր ի­րա­ւունք­նե­րուն: ­Մայ­րե­նի լե­զու սոր­վիլն ու գոր­ծա­ծե­լը, ինչ­պէս նաեւ սե­փա­կան, հան­րա­յին, ու­սում­նակր­թա­կան, ի­րա­ւա­կան, դա­տա­կան, վար­չա­կան, մա­մու­լի ու հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ո­լորտ­նե­րուն մէջ մայ­րե­նի լե­զու գոր­ծա­ծե­լու կա­րե­լիու­թիւն ու­նե­նա­լը ան­հա­տա­կան ու հա­ւա­քա­կան ի­րա­ւունք է:

Լե­զո­ւա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը մարդ­կա­յին եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն մէկ բա­ժին են: ­Մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քին մէջ լե­զո­ւա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը յա­ճախ մշա­կու­թա­յին եւ ու­սում­նակր­թա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն մէջ կ­՛ար­ծար­ծո­ւին: ­Բազ­մա­թիւ պայ­մա­նագ­րու­թիւն­ներ, հա­մա­ձայ­նագ­րեր, յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն լե­զո­ւա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն կ­՛անդ­րա­դառ­նան, ո­րոնց մա­սին յա­ռա­ջի­կա­յին կ­՛ար­ժէ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կա­տա­րել:

Աշ­խար­հա­տա­րած սփիւռ­քա­հա­յե­րը ազ­գա­յին, կրօ­նա­կան, ցե­ղա­յին եւ լե­զո­ւա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ են ի­րենց ապ­րած եր­կիր­նե­րուն մէջ: Այս­տեղ փա­կա­գիծ մը բա­նա­լով` պէտք է ըն­դու­նիլ նաեւ, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րող ա­րեւմ­տա­հա­յա­խօս զան­գո­ւածն ալ լե­զո­ւա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն է, նոյնն է պա­րա­գան մինչ օրս պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րող հա­յոր­դի­նե­րուն:

Որ­քա­նո՞վ մենք տե­ղեակ ենք եւ տէր կը կանգ­նինք մեր լե­զո­ւա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն: ­Լաւ պա­րա­գա­նե­րու, ա­ւե­լի ճիշդ, սփիւռ­քի կազ­մա­կեր­պո­ւած կամ կազ­մա­կեր­պո­ւած կար­ծո­ւած հա­մայնք­նե­րուն մէջ, ա­մէ­նօ­րեայ, եր­կօ­րեայ կամ միօ­րեայ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ պա­հե­լու աշ­խա­տան­քէն բա­ցի (որ շատ մը տե­ղեր ոչ-ար­հես­տա­վարժ, կարկ­տան եւ մա­կե­րե­սա­յին բնոյթ կը կրէ), մեր լե­զո­ւա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծե­լու հա­մար ինչ­պի­սի՞ աշ­խա­տանք­ներ կը տա­նինք: Ին­չո՞ւ հա­մար ա­մէ­նօ­րեայ հայ­կա­կան վար­ժա­րան պա­հե­լու թիւ, կա­րո­ղու­թիւն եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող հա­մայնք­ներ կը բա­ւա­րա­րո­ւին միայն միօ­րեայ դպրոց­նե­րով:

Գո­նէ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն տաս­նեակ հա­զար­նե­րով ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­ներ երկ­րէն կ­՛ար­տա­գաղ­թեն, ին­չո՞ւ ա­մէ­նօ­րեայ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ չեն հիմ­նադ­րո­ւիր այն գա­ղութ­նե­րուն մէջ, ուր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը հսկա­յա­կան թի­ւե­րով կը գաղ­թեն: ­Ճիշդ է` ար­տա­գաղ­թը կա­սեց­նե­լը լա­ւա­գոյն լու­ծումն է հայ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը ձու­լու­մէ փրկե­լու, բայց այն­քան ա­տեն որ ար­տա­գաղ­թը կը շա­րու­նա­կո­ւի եւ կա­սեց­նե­լու նշան­ներ չեն ե­րե­ւիր, ար­տա­գաղ­թող­նե­րը հա­մախմ­բո­ւած եւ կազ­մա­կերպ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­ծե­լը հրա­տապ խնդիր կը թո­ւի ըլ­լալ:

Ա­ւե­լի՛ն. ի­րա­ւա­կան ինչ­պի­սի՞ քայ­լե­րու կը դի­մենք լե­զո­ւա­կան մեր ի­րա­ւունք­նե­րը ամ­րագ­րե­լու հա­մար: ­Քա­նի՞ հա­մայն­քի մէջ հա­յե­րէ­նը ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն որ­պէս հայ փոք­րա­մաս­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան լե­զու ճանչ­ցո­ւած է: Ս­փիւռ­քի ա­ւան­դա­կան թէ նո­րաս­տեղծ քա­նի՞ հա­մայն­քի մէջ հա­յոց լե­զուն պե­տա­կան կրթա­կան ծրագ­րին մաս կը կազ­մէ: ­Քա­նի՞ հա­մայն­քի մէջ հա­յե­րէ­նը, հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու կող­քին, կը դա­սա­ւան­դո­ւի նաեւ պե­տա­կան այն վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ, ուր նկա­տե­լի թի­ւով հայ ա­շա­կերտ­ներ կը յա­ճա­խեն:

Քա­նի՞ հա­մայնք յա­ջո­ղած է իր հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար պե­տա­կան կամ մի­ջազ­գա­յին նե­ցուկ եւ օ­ժան­դա­կու­թիւն ա­պա­հո­վել կամ ԵՈՒՆԵՍՔՕին հետ հա­մա­տեղ ծրա­գիր­ներ գոր­ծադ­րել: Ս­փիւռ­քեան հա­յա­տառ մա­մու­լը կը դի­մէ՞ մի­ջազ­գա­յին կամ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ֆոն­տե­րու (հիմնադրամներու) կամ ծրա­գիր­նե­րու, ո­րոնք լե­զո­ւա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թիւն կը տրա­մադ­րեն:
Հար­ցադ­րում­նե­րուն պա­տաս­խան­նե­րը մի­ջա­վայ­րէ մի­ջա­վայր կրնան յա­րա­բե­րա­կան ըլ­լալ, սա­կայն, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, լե­զո­ւա­կան ի­րա­ւունք­ներ պա­հան­ջե­լու ե­րե­ւոյ­թը հա­մա­կար­գո­ւած եւ հե­տե­ւո­ղա­կան բնոյթ չու­նի մեր մօտ:

Գա­լով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, հա­յաս­տա­նաբ­նակ ա­րեւմ­տա­հայ զան­գո­ւա­ծին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լե­զուն պա­հե­լու եւ պահ­պա­նե­լու հա­մար ո­րոշ աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րո­ւին, սա­կայն ա­նոնք բա­ւա­րար մա­կար­դա­կի վրայ չեն: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցումն ու գոր­ծա­ծու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու ռազ­մա­վա­րու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն մէ­կը պէտք է դարձ­նել: ­Միւս կող­մէ` ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի եւ կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը գո­նէ վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին ող­ջու­նե­լի աշ­խա­տանք կը տա­նին սփիւռ­քի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն օ­ժան­դա­կե­լու գծով կամ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած ա­մառ­նա­յին ծրա­գիր­նե­րու մի­ջո­ցով: ­Սա­կայն կա­րե­լի է լե­զուն պա­հե­լու նոր մի­ջոց­ներ ու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծել:

Օ­րի­նակ, ին­չո՞ւ հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի բո­լոր հիւ­պա­տո­սա­րան­նե­րուն մէջ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի կող­քին ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նով պատ­րաս­տո­ւած թղթա­բա­նու­թիւն չի տրա­մադ­րեր:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի, հա­յու­թեան լե­զո­ւա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս ա­պա­հո­վե­լու, ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու եւ ամ­րագ­րե­լու գոր­ծին հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տար­նե­րը հե­տե­ւեալ­ներն են` հայ­րե­նի պե­տա­կա­նու­թիւ­նը, իւ­րա­քան­չիւր հայ հա­մայն­քի քա­ղա­քա­կան-կրօ­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը, հան­րա­յին համ­բաւ ու­նե­ցող հայ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, պե­տա­կան ճա­նա­չում ու­նե­ցող հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին-կրթա­կան միու­թիւն­ներն ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, ին­չո՞ւ չէ, նաեւ իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի մէջ ձե­ւա­ւո­րո­ւած քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, որ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րով կը զբա­ղի:

Կը մնայ իւ­րա­քան­չիւր հա­մայն­քի դրո­ւած­քին ու պայ­ման­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նող ու վե­րոն­շեալ բո­լո՛ր դե­րա­կա­տար­նե­րը հա­մախմ­բող ժա­մա­նա­կա­կից, հա­մա­կար­գո­ւած եւ ազ­դե­ցիկ ռազ­մա­վա­րու­թիւն որ­դեգ­րել ու մա­նա­ւանդ` գոր­ծադ­րել:

Տէ՛ր կանգ­նինք մեր լե­զո­ւա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն:

http://www.yerakouyn.com/?p=102265

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ