Այսօր Արեւմտահայաստանի հողերուն վրայ հայեր ալ կ’ապրին. Նորայր Շահինեան

Նորայր Շահինեան«Շատեր կը կարծեն, որ այսօր Արեւմտահայաստանի պատմական հողերուն վրայ հայեր չեն ապրիր, անոնք կը սխալին, որովհետեւ մեծ է թիւը այն հայերուն, որ մինչեւ այսօր կը շարունակեն իրենց կենաքը այդ հողերուն վրայ», «Արեւելք»ին ըսաւ լուսանկարիչ՝ Նորայր Շահինեանը:

Սան Փաուլո ծնած լուսանկարիչը անցնող երեք տարիներուն շրջած եւ լուսանկարած է Արեւմտահայաստանի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ գտնուող կառոյցները, եկեղեցիները, շէնքերը, դպրոցերը, ինչպէս նաեւ հայ բնակիչները: Նորայր Շահինեան նաեւ յայտնեց, որ իր համար գերագոյն նպատակ եղած է իր լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացումը կայացնել Երեւանի մէջ: Ան ըսաւ, որ այս ցուցահանդէսը պիտի տարուի տարբեր քաղաքներ եւ առիթ պիտի ստեղծէ, որ այցելուները մօտէն ծանօթանան Արեւմտահայաստանի մէջ եղած հայ ժողովուրդի պատմական, մշակութային, կրօնական, կենցաղային եւ այլ արժէքներուն, ինչպէս նաեւ այդ հողերուն վրայ մինչեւ օրս ապրող եւ գոյատեւող մարդոց:

Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին, թէ այսօր հնարաւոր է՞ այցելել այն շրջանները, ուր ինք երկու տարի առաջ կրցած էր երթալ եւ լուսանկարել, Նորայր յայտնեց, թէ այսօր Թուրքիոյ մէջ բարդ իրավիճակ կը տիրէ, եւ տարբեր քաղաքներ յայտնուած են պատերազմական դրութեան մը մէջ, անոնցմէ է մանաւանդ Տիարպէքիր քաղաքը, ուր հնարաւոր չէ բնական կերպով շրջագայիլ, ալ ուր մնաց լուսանկարել: Մեր խօսակիցը, որ վերջին անգամ անցնող նոյեմբերին կը գտնուէր Թուրքիա, այցելած է կարգ մը շրջաններ, ուր երեւելի է թրքական բանակին ծայրայեղ աստիճան պատրաստուածութիւնը եւ ընդհանուր լարուածութիւնը շրջաններուն մէջ:

«Շատ բարդ է իրավիճակը այսօր», ըսաւ Նորայր, դիտել տալով որ «Քիւրտեր կարծէք պատրաստ են բոլոր ընտրանքներուն», ան նաեւ յայտնեց, որ եթէ Թուրքիոյ պետութիւնը այսօր իր սխալները եւ իր յանցաքները չընդունի, ապա դժբախտաբար Թուրքիան կրնայ երկարատեւ եւ արիւնալի պատերազմի մը մէջ յայտնուիլ: Նորայր Շահինեանի կարծիքով, այսօր հայութեան համար սահմանային փոփոխութիւններու հնարաւորութիւններ չկան, այսինքն ներկայ հանգրուանին իրավիճակը պիտի մնայ նոյնը, այնքան ատեն որ Թուրքիան պատրաստ չէ փոխզիջումներու երթալով կարգաւորել ընդհանուր իրավիճակը: Ան նաեւ բնական համարեց, որ հայ-թրքական խնդրի լուծման առընթեր Թուրքիան պէտք է ըլլայ առաջին կողմը, որ զիջումներու երթալով ստեղծէ վստահութեան նոր հարթակ մը, որուն շնորհիւ երկու ժողովուրդները պիտի փորձեն շրջանցել վիրաւոր անցեալը եւ ստեղծել բոլորին համար յարմար եւ խաղաղ ապագայ:
Խօսելով պատերազմի հեռանկարներուն մասին ան դիտել տուաւ, որ ինք շփումներ ունեցած է նոյնիսկ PKK-ի զինեալներու հետ, եւ այսօր պարզ է, որ քիւրտերը պատրաստ են ամէն գնով պատերազմելու եւ ունակ են այդ մէկը ընելու: Ան ըսաւ, որ քիւրտերը հայերուն նման սակաւաթիւ չեն, եւ այսօր անոնց թիւը կը հասնի 20 միլիոնի, եւ հետեւաբար ցանկացած պատերազմ կրնայ նոր իրավիճակի մը սկիզբը հանդիսանալ Թուրքիոյ մէջ:

Նորայր Շահինեան մեր զրոյցի աւարտին երախտիքով խօսեցաւ Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականի հայկական բաժնի հանգուցեալ խմբագիր Սարգիս Սերոբեանի մասին ըսելով, որ առանց վերջինիս աջակցութեան կարելի պիտի չըլլար այսօր տեսնել այն հրատարակութիւնը, որ լոյս տեսած է «Արաս» հրատարակչատունէն: Նշենք, որ Նորայր Շահինեանի լուսանկարներու ալպումը կը կոչուի «Դատարկութեան հզօրութիւնը», այն կը պարփակէ Շահինեանի 2012-էն մինչեւ 2015-ը նկարած լուսանկարներու հաւաքածոն:

Շահինեան շրջած է Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ, ինչպէս՝ Պոլսոյ, Վանի, Տիրապէքիրի, Վաքըֆլիի, Տէրսիմի, Զէյթունի, Հաքքարիի, Կեսարիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ, ու յաջողած է հանրութեան գրասեղանին ներկայացնել վաւերական հատոր մը, որու ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ ծանօթանալ այսօրուայ ե՛ւ պատմական, ե՛ւ ապրող Արեւմտեան Հայաստանի մշակութային, կրօնական եւ այլ կառոյցներուն: Յայտնենք, որ Շահինեանի ցուցահանդէսը, որու բացումը տեղի ունեցաւ 9 մարտ 2016-ին Երեւանի ՆՓԱԿ-ի մէջ (Նորարար փորձարական արուետի կեդրոն), բաց պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ 26 մարտ 2016-ը:

Arevelk.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ