Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած Սեւան Նշանեանի կերտած Շիրինճէ աւանին մէջ գտնուող Սուրբ Յովհաննէս հայկական եկեղեցին վերանորոգուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Պոլսոյ մեր աղբիւրէն:
Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ եկեղեցին, որ կը գտնուէր անմխիթար վիճակի մը մէջ, տեղական մարմիններու յանձնարարութեամբ վերանորոգուած է, եւ անոր բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ օրերուն: Կը նշուի նաեւ, որ վերակառուցուած է եկեղեցիին փուլ եկած գմբէթը, ինչպէս նաեւ մասնագիտական վերանորոգման արժանացած են եկեղեցիի սրբապատկերները ու կարեւոր նորոգութիւններ կատարուած եկեղեցիէն դէպի պարտէզ տանող սանդուխները: Տեղին է յիշեցնել, որ Շիրինճէի մէջ կը գործեն հայազգի քաղբանտարկեալ Սեան Նշանեանի հիմնած հանգստեան տուները, որ ցայսօր բնական կերպով կը գործեն եւ դարձած են մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու հիմնական հասցէ:
Arevelk.am
Leave a Reply