«Հայ Դատի աշխատանքներն այսօր»

Յակոբ Տէր ԽաչատուրեանԿիրակի 13 մարտ 2016ին երեկոյեան ժամը 7:00 ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ զեկուցական հաւաք մը, որուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Շրջանային Մարմնի Ներկայացուցիչն ու Քէպէքի Հայ Դատի Յանձնախումբերու Ներկայացուցիչը պիտի ներկայացնեն Հայ Դատի յանձնախումբերու տարած աշխատանքները՝ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանգրուանի ընթացքին։ «Հայ Դատի աշխատանքները այսօր» խորագիրը կրող զեկուցական հաւաքը կազմակերպուած է ՀՅԴ «Մ. Փափազեան» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին կողմէ։

http://horizonweekly.ca/news/details/82317

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ