Նիտըրլէնտներու Հայ Դատը կառավարութենէն յստակ դիրքորոշում կ՝ակնկալէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով

ՆիտըրլէնտներՀայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին ընդառաջ՝ Նիտըրլէնտներու Հաագա քաղաքին մէջ ապրիլ 23-ին պիտի իրականացուի բողոքի ցոյց եւ ոգեկոչման արարողութիւն:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած է Նիտըրլէնտներու «Հայկական կազմակերպութիւններու դաշնութեան» նախագահ, «Աբովեան մշակութային միութեան» նախագահ Մաթօ Հախուերտեանը: Անոր խօսքով, ոգեկոչման արարողութիւններ եւ համերգ պիտի իրականացուի նաեւ Նիտըրլէնտներու այլ քաղաքներու մէջ:

«Նիտըրլէնտներու խորհրդարանը իր դիրքորոշումը յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած, որ չենք տեսներ Կառավարութեան յայտարարութիւններուն մէջ: Մեզի համար կարեւոր է, որ կառավարութիւնը նոյնպէս յայտնէ իր դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին առնչութեամբ: Ամէն անգամ կը դիմեն բառախաղերու օգնութեան, չեն ուզեր յստակ խօսիլ: Մեր փափաքն է, որ խորհրդարանի որդեգրած քաղաքականութիւնը գործադիր մարմինն ալ շարունակէ: Իշխանութիւնները միշտ ալ կը փորձեն դիւանագիտական տարբեր հնարքներ կիրառել` ըսելով հայկական ողբերգութիւն, որ չի համապատասխաներ խորհրդարանի ընդունած բանաձեւի բովանդակութեանը»,- ըսած է Մաթօ Հախուերտեան:

Անոր տեղեկութիւններով` ապրիլ 16-ին Հոլանտայի մէջ հայերու, թուրքերու եւ քիւրտերու մասնակցութեամբ պիտի իրականացուի համաժողով: «Ի հարկէ, պիտի մասնակցին այն թուրքերն ու քիւրտերը, որոնք կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Համաժողովին նպատակն է երկխօսութիւն եւ կապ հաստատել կողմերուն միջեւ»,- ըսած է Մաթօ Հախուերտեան: Համաժողովէն բացի, կը նախատեսուի նմանատիպ այլ նախաձեռնութիւն մը եւս կեանքի կոչել: Մասնաւորապէս, Նիտըրլէնտներու հասարակական հարցերով գերատեսչութեան հետ համատեղ կը նախատեսուի իրականացնել գիտաժողով թրքական կազմակերպութիւներու մասնակցութեամբ: Նպատակը Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վերաբերող հարցերը քննարկելն է:

2004 թուականի դեկտեմբեր 21-ին Նիտըրլէնտներու խորհրդարանը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին որոշում: 2015 թուականին ալ Նիտըրլէնտներու խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է որոշում, որմով կարեւոր կը համարուի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողմէն իրենց պատմութեան վերաբերեալ ընդհանուր համաձայնութեան ձեռքբերումը: Որոշման համաձայն` յանձնարարուած է կառավարութեան` 2004-ին ընդունուած որոշման համահունչ, երկկողմանիօրէն եւ ԵՄ ծիրին մէջ շարունակել կոչ ընել Թուրքիոյ կառավարութեան՝ նոր խթան հաղորդել Հայաստանի հետ մերձեցման եւ հաշտեցման եզրեր փնտռել Հայաստանի կառավարութեան հետ:

http://www.yerakouyn.com/?p=102059

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ