PKK-ն կը պատրաստուի Թուրքիան «արեան ծովու» վերածել

PKKՔիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը (ՔԲԿ-PKK), Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը (ԺՄԿ-PYD) եւ ձախակողմեան այլ կառոյցներ կը պատրաստուին մարտ 20-ին Թուրքիան «արեան ծովու» վերածելու:

Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Haberler» լրատվական կայքը` վկայակոչելով երկրի հետախուզական մարմիններու ձեռք բերած տուեալները: Աղբիւրին համաձայն՝ յարձակման յանձնարարութիւնը տուած է Քանտիլը (ՔԲԿ-ի կեդրոնը Իրաքի մէջ), որուն գործողութիւններու ծրագիրով կը նախատեսուի, որ Յեղափոխական ժողովրդական ազատագրական կուսակցութիւն-ճակատը (DHKP-C), Մարքս-լենինեան կոմունիստական կուսակցութիւնը (MLKP) եւ Ընկերվարական վերակազմաւորում կուսակցութիւնը (SYKP) մարտ 11-ին պէտք է յարձակման անցնին: Անոնք պէտք է սադրիչ յարձակումներ իրականացնեն Թուրքիոյ արեւմտեան նահանգներուն, մասնաւորապէս խոշոր քաղաքներուն մէջ: Իսկ մարտ 20-ին PKK-ի 11.000 գրոհային Եուքսեկքուան կը յայտարարեն ազատագրուած շրջան, 8.000 PYD-ական ալ յարձակումներ պիտի իրականացնի Թուրքիոյ ուժային կառոյցներու վրայ, կը գրէ Ermenihaber.am-ը:

http://horizonweekly.ca/news/details/82150

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ