ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ, Քալիֆորնիա.- Փետրուար 19ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Համաշխարհային առողջապահութեան կեդրոնին եւ Երեւան հաստատուած «ԱրմՃենիա» ուսումնասիրական ու մարդասիրական հիմնարկին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան համաձայնութիւն մը, որուն գլխաւոր նպատակն է հայութեան ծագումնաբանական քարտէսը պատրաստել, աւելի լաւ հասկնալու համար հայութեան ծինային արմատները։
Ծրագիրը կարելի դարձած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն շրջանաւարտ Սարա Չիթճեանի առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ։ Ան այս նուէրը կատարած է ի յիշատակ իր հօր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես վերապրող մըն էր։
Համաձայնութիւնը ստորագրուեցաւ համալսարանի Համաշխարհային առողջապահութեան կեդրոնի վարիչ տոքթ. Թամըս Քոթեսի, համալսարանի «Տէյվիտ Կեֆըն» բժշկական վարժարանի մարդկային ծագումնաբանական բաժանմունքի դասախօսներէն դոկտ. Ուէյն Կրոտիի, ինչպէս նաեւ «ԱրմՃենիա»ի համահիմնադիրներ՝ տոքթորներ Սեւակ Աւագեանի եւ Եւկենի Սոքուրենքոյի կողմէ։
Նշուեցաւ նաեւ, որ նման ծրագիրի մը իրագործման պիտի նպաստէ այն իրողութիւնը, թէ ներկայիս 100 տարիքը բոլորած բաւական մեծ թիւով հայեր կան։
Ստորագրութեան արարողութեան ընթացքին, Սարա Չիթճեան յոյս յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կը նպաստէ հայ ժողովուրդի ծագումնաբանութեան պատմութիւնը աւելի ամուր հիմքերու վրայ դնելու ջանքերուն։
Ծրագիրը նաեւ կը յարմարի համաշխարհային առողջապահութիւն ջատագովելու գծով համալսարանի ջանքերուն, եւ կրնայ նպաստել Միջերկրականեան ընտանեկան հիւանդութիւնը աւելի լաւ հասկնալու ուսումնասիրութիւններուն։ Նշենք, որ այս հիւանդութիւնը աւելի շատ տարածուած է հայերու մօտ, քան՝ այլ ազգերու։
Համաձայնութեան իրականացման մէջ կարեւոր աշխատանք տարած է համալսարանի հիւանդապահութեան միջազգային ծրագիրի վարիչ հիւանդապահ Սալբի Ագարակեան, որ նաեւ Սոքուրենքոյի հետ գործակցելով՝ համակարգած էր ստորագրութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Արմելա Շաքարեան։
Asbarez.com
Leave a Reply