«Թուրքիոյ հանրապետութեան ժամանակաշրջանէն աւելի հին ըլլալուն համար «Ժամանակ» օրաթերթը կը հանդիսանայ որպէս կարեւոր արխիւ բոլոր հետազօտողներուն համար»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Սէլինա Տողանի աւագ օգնական Ինան Կէտիք: Կէտիք նաեւ նշեց, որ այդ պատճառով է նաեւ, որ երեսփոխան Տողան առաջարկած էր թուայնացնել թերթի բոլոր թիւերը: Ան նաեւ ըսաւ, որ իրենց «հարցում- բանաձեւին» պէտք է պատասխան տար վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուն, բայց վարչապետին փոխարէն պատասխանեց վարչապետի օգնական Լիւթֆի Էլվանը։ Ու պատասխանեց հետեալ կերպ. «Պետական Արխիւներու Ընդհանուր Տնօրինութիւնը իր կազմին մէջ չի պարունակեր նման փաստաթղթեր։ Օրաթերթերը կը համարուին գրադարանի անհրաժեշտ իրեր։ Ատոնք կրնայ ըլլալ պահուած ըլլան Ազգային գրադարանին մէջ»: Ինան Կէտիք նաեւ նշեց, որ իրենք մտադիր են հետապնդել այս հարցը եւ այս առումով կը սպասեն համապատասխան մարմիններու պատասխանին: Յիշեցնենք, որ հայաշխարհի ամէնէն երկարակեաց օրաթերթ «Ժամանակ»ի հին թիւերը թուայնացնելու խնդիրը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ (առաջին անգամ) հնչած է խորհրդարանի հայազգի անդամ Սէլինա Տողանին (CHP) կողմէ:
Arevelk.am
Leave a Reply