Չերքէզացած հայեր

Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր ԼուսաւորիչԻսթանպուլաբնակ լրագրող Արիս Նալչի Պոսթընի «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին մէջ հրատարակուած իր «Աքսորի ճանապարհին. 100 տարի ետք Կեսարիոյ մէջ» ճանապարհոդագրութեան մէջ կը նկարագրէ Կեսարիոյ տեղագրութիւնն ու պատմութիւնը։

«Ակօս»ի նախկին աշխատակից Արիս Նալչի Կեսարիա իր այցելութեան ընթացքին կը կատարէ ուշագրաւ յայտնաբերում մը։ Նալչի կը յայտնէ, թէ Կեսարիոյ քաղաքակեդրոնին մէջ գտնուող «Կուպաթէ» ճաշարանին մէջ նախաճաշելու ընթացքին կը տեղեկանայ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, կեսարացի շատ մը հայեր փրկուած են շնորհիւ հարեւան չերքէզ գիւղերու իրենց բարեկամներուն։ Հետագային, վերոնշեալ բոլոր կեսարահայերը ընդունած են չերքէզական ինքնութիւնը եւ անոնց ժառանգներն ու շառաւիղները կ՚ապրին չերքէզական գիւղերուն մէջ։

Իսլամացած, քրտացած, թրքացած, արաբացած, ալեւիացած հայերուն կողքին կ՚աւելնան չերքէզացած հայերը։

http://horizonweekly.ca/news/details/81850

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ