Նալբանդեան. «Թուրքիոյ վարչապետը բացայայտած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց վարկածին շինծու ըլլալը»

NalbandyanՀայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 3 մարտին այցելած է Երեւանի պետական համալսարան, ուր մասնակցած է գիտական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին անոր շնորհուած է Երեւանի պետական համալսարանի պատուաւոր փրոֆեսէօրի կոչում` անոր հասարակական-քաղաքական բեղուն գործունէութեան, գիտութեան մարզին մէջ ձեռքբերումներուն, Երեւանի պետական համալսարանին հետ բազմամեայ արգասաբեր համագործակցութեան համար:

Այս կոչումը նկատելով դիւանագիտական ծառայութեան աշխատանքի գնահատական` նախարարը ըսած է, որ այս կոչումը նաեւ պարտաւորեցնող է:

Պատասխանելով ներկաներէն մէկուն այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը մօտենայ Թուրքիոյ վարչապետին այն յայտարարութեան, որուն համաձայն, քիւրտերը, ինչպէս ժամանակին հայկական «աւազակախումբերը», կը համագործակցին ռուսերուն հետ, ու անով ալ հիմնաւորած է քիւրտերուն դէմ կատարուող գործողութիւնները` նախարարը ըսած է. «Թուրքիոյ վարչապետը բացայայտ կերպով կ՛ըսէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ անցեալին իրենց կողմէ շրջանառուող վարկածը, թէ պատերազմ էր, պատերազմական գործողութիւններու տրամաբանութեան շրջանակին մէջ էր հայերուն հետ կատարուածը, շինծու է: Պաշտօնական Անգարան հրապարակայնօրէն կը յայտարարէ, որ, փաստօրէն, հայերուն դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը միտումնաւոր եւ ծրագրուած եղած է` պատճառաբանութեամբ, որ հայերը կը համագործակցէին ռուսերուն հետ»:

Ըստ նախարարին, Թուրքիա այսօր նոյնանման սպառնալիք կ՛ուղղէ քիւրտերուն: Միջազգային հանրութեան համար ասիկա լրջագոյն ահազանգ է, թէ ի՛նչ կրնայ կատարուիլ քիւրտերուն դէմ: «Մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու պատմութիւնը ունի բազմաթիւ ընդհանրութիւններ: Անոնցմէ մէկը զոհը վարկաբեկելն է, իբրեւ դաւաճան եւ անարժան պիտակաւորելը: Անոնց նկատմամբ հալածանքները, սպանութիւնները դահիճներու հիւանդ երեւակայութեան մէջ արդարացուած են:

Պատասխանատուութիւն կը կրեն նախ եւ առաջ հայերը, որոնք դրդեցին Ռուսիան մեր դէմը գալու. ասոնք Թուրքիոյ վարչապետին խօսքերն են, սակայն ոչ թէ 21-րդ դարասկիզբի` Ահմեթ Տաւութօղլուի, այլ 20-րդ դարասկիզբի` Հայոց ցեղասպանութեան պարագլուխներէն մէկուն` Թալէաթ փաշային: Ակնյայտ է, որ հարիւր տարուան ընթացքին Թուրքիոյ իշխանական վերնախաւին մէջ շատ բան չէ փոխուած:

http://www.aztagdaily.com/archives/283453

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ