Փայլան կը դատապարտէ Տաւութօղլուի հակահայ արտայայտութիւնը

ՓայլանԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, ազգային խտրականութիւններու գծով, մարտ 3ին դարձեալ վէճ մը ծագած է:

Թրքական «Հապերթիւրք» լրատուական կայքը կը գրէ, թէ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան նախ ցուցադրած է շէնքի մը պատին վրայ «հայ բիճեր» գրութեան լուսանկարը եւ ըսած. «Դժբախտաբար, նման արարքներ միայն ապահովութեան ուժերուն գործը չէ: Վարչապետն ալ Պինկէօլի (Բիւրակն) մէջ ըսած էր. «Համաշխարհային Ա. պատերազմին, հայ հրոսակախումբերը համագործակցած էին ռուսերու հետ»:

Այսօր թէ՛ թուրքերը եւ թէ քիւրտերը «Իսլամական պետութեան» կ՛անդամակցին, սակայն եթէ հիմա ըսեմ՝ «թուրք հրոսակախումբեր», այդ մէկը խտրականութիւն պիտի չըլլա՞յ։ Այդպէս կարելի՞ է: Պարոն վարչապետն ալ բացայայտ խտրականութիւն դրսեւորած է»:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ Նաճի Պոսթանճը հակադարձած է՝ ըսելով, թէ իրականութեան մէջ ազգային ատելութիւն ինք՝ Փայլա՛նն է որ կը դրսեւորէ։ «Վարչապետը գիրքեր ունի, ելոյթներ ունի եւ անոր խօսքը յստակ է: Անոր կողմէ ոչ մէկ անգամ որեւէ ազգի հանդէպ ատելութեան որեւէ դրսեւորում եղած է», պնդած է Պոսթանճը:

Իր կարգին, ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ Օքթայ Վուրալ յայտարարած է, թէ Փայլան իրաւունք չունի թուրք ազգը «ոճրագործ» անուանելու:

Յիշեցնենք, որ Փայլանի ներկայացուցած լուսանկարը առնուած էր անցած Յունուարին, Շըրնաք նահանգի Սիլոփի շրջանին մէջ, որ երկարատեւ կրակմարի դրութեան դադրեցումէն ետք՝ վերջապէս հասանելի դարձած էր տեղւոյն բնակչութեան։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2016
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ