Ճան Տիւնտար հեգնական տողերով շնորհակալութիւններ յայտնեց նախագահ Էրտողանին – Էրտողան պատասխանեց, որ յարգանք չունի Սահմանադրական Ատեանի որոշումին նկատմամբ: Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին վրայ օրերէ ի վեր առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ “Ճումհուրիյէթ” թերթի երկու խմբագիրներուն՝ Ճան Տիւնտարի ու Էրտէմ Կիւլի բանտէն ազատ արձակուելու խնդիրը։ Այս խնդիրը այլեւս հասած է անսովոր համեմատութիւններու, երկու լրագրողները այժմ շատ զօրացած են նախագահ Էրտողանի դէմ իրենց տարած յաղթանակով։ Երկուքէն մասնաւորաբար Ճան Տիւնտարն է, որ կը խօսի ընդհանրապէս ու բառերը չի խնայեր մասնաւորաբար նախագահ Էրտողանը քննադատելու համար։ Այս քննադատութիւններուն մէջ տիրական է հեգնանքի ոճ մը, որ առաւել եւս կը զօրացնէ անոր քննադատութիւնն ու Էրտողանի դէմ կեցուածքը։ Արդարեւ Ճան Տիւնտարծ առաջին վայրկեաններուն իսկ, երբ անոնք երեք ամիս բանտարկուած մնալէ վերջ Սահմանադրական Ատեանի որոշումով բանտէն ազատ արձակուեցան, հեգնական ոճով ըսաւ, որ իրենց այս արձակումը նախագահ Էրտողանին կը նուիրէ որպէս անոր ծննդեան թուականի նուէր։
Ճան Տիւնտար Շաբաթ օրուան “Ճումհուրիյէթ”ի իր սիւնակին մէջ կծու եւ հեգնական տողերով շնորհակալութիւններ յայտնեց նախագահ Էրտողանին՝ ինքզինք պահ մը նոյնացնելով Էրտողանի կողմնակից թերթերուն։ Բայց ասիկա իրական շնորհակալիք մը չէր։ Ճան Տիւնտար Էրտողանին շնորհակալութիւն կը յայտնէր
1. անոր համար, որ անոր շնորհիւ հիմա ինք ապրած էր նաեւ բանտարկուած ըլլալու փորձառութիւն մը, բան մը որ ցարդ կը պակսէր լրագրողի իր կեանքին մէջ,
2. անոր համար, որ նախագահը, երկու լրագրողները բանտի մէջ դնել տալով, զանոնք պաշտպանած էր խոզի կռիփի համաճարակէն կամ դուրսի օդի ապականումէն,
3. անոր համար, որ նախագահը այս կերպով կարելիութիւն ստեղծած էր, որ Ճան Տիւնտար եւ ընկերը անդրադառնային, թէ որքան կը սիրուէին ժողովուրդին կողմէ,
4. անոր համար, որ շնորհիւ նախագահին, ինք ընտրուեցաւ տարւոյն լաւագոյն գրքի հեղինակը։
Եւ տակաւին այսպիսի տողերով Ճան Տիւնտար կը ձաղկէր նախագահ Էրտողանը, որ ըստ իրեն՝ գլխաւոր պատասխանատուն էր իրենց դէմ կազմակերպուած դատական միջոցառումներու։
Այն օրէն ասդին, երբ Սահմանադրական ատեանը քուէներու մեծամասնութեամբ (ոչ թէ միաձայնութեամբ) վճռեց երկու լրագրողներու ազատ արձակումը, հանրային կարծիքը շատ հետաքրքիր էր տեսնելու, թէ նախագահ Էրտողանի անմիջական շրջանակը, անշուշտ նաեւ ինքը՝ նախագահ Էրտողան, ինչպիսի՞ հակազդեցութիւն մը ցոյց պիտի տային Սահմանադրական ատեանին ու մասնաւորաբար Ճան Տիւնտարին նկատմամբ։ Այս հակազդեցութիւնը երէկ եկաւ նախագահ Էրտողանէն, որ իր օրուայ ճառախօսութեան ընթացքին միջոց մը անդրադարձաւ այս խնդրին ու յայտնի դարձուց, որ անդրդուելի կը մնար իր դիրքաւորումին մէջ։ նախագահ Էրտողան պախարակեց Սահմանադրական Ատեանի որոշումը, կրկնեց, որ երկու լրագրողները բանտարկուած էին «լրտեսութեան» յանցանք գործած ըլլալու հետեւանքով, ուստի Սահմանադրական ատեանի որոշումը ճիշդ չէր, եւ ինք ալ արդէն այս օրէնքին պիտի չհնազանդի, ինք յարգանք չի զգար այդ որոշումին նկատմամբ, մնաց որ Սահմանադրական Ատեանը անպարտ չարձակեց երկու բանտարկեալները, մաքուրի չհանեց զանոնք, պարզապէս բանտէն արձակեց, իսկ դատավարութիւնը պիտի շարունակուի։ նախագահ Էրտողան իր ճառախօսութեան մէջ աւելցուց, որ վարին դատարանը պէտք է ծառանար ամբաստանեալները բանտարկելու իր որոշումին վրայ, չըրաւ ու սխալ գործեց։ նախագահը դիտել տուաւ, որ երկու լրագրողները կրնան դարձեալ բանտարկուիլ։
Նախագահ Էրտողանի վերոյիշեալ խօսքերը անմիջապէս իրենց անդրադարձը ունեցան նաեւ Խորհրդարանի մէջ, ուր մասնաւորաբար Ճէ-Հէ-Փէցի երեսփոխաններ պնդեցին, որ Էրտողան ճամբայ ցոյց կուտայ դատարաններուն եւ կը ջանայ որ երկու լրագրողները դարձեալ բանտ առաջնորդուին յառաջիկայ օրերուն։
Նախագահ Էրտողան երէկուան իր այս խնդրայարոյց յայտարարութենէն վերջ մեկնեցաւ դէպի Արեւմտեան Ափրիկեան կարգ մը երկիրներ։ Օդանաւին մէջ երբ լրագրողներ դիտել տուին որ իր յայտարարութիւնը շատ լայն արձագանգ գտաւ ընկերային մէտիայի էջերուն մէջ, նախագահը պատասխանեց. «Ուրեմն տեղին խօսեր եմ»։
Նախագահ Էրտողանի կողմէ Սահմանադրական ատեանի դէմ յայտնուած կարծիքը պատճառ դարձաւ, որ կարգ մը հրապարակագիրներ հարց տան, թէ Էրտողան ինչո՞ւ այսքան զայրացկոտ է այս խնդրին մէջ։
Շաբաթավերջի օրակարգը, որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ունէր Սուրիոյ մէջ գործադրուող հրադադարի հարցը, ներքին քաղաքականութեան մէջ ալ այսպէս զբաղեցաւ Ճան Տիւնտարի խնդրով։ Պայքարը չէ վերջացած։ Ըստ երեւոյթին լրագրողները, լրագրողի գաղափարի ու լրատուութեան ազատութեան առաջին պայքարը շահած են, բայց պայքարը չէ վերջացած։ Տեսնենք թէ ինչեր պիտի բերէ այս ծանր պայքարին շարունակութիւնը։
Leave a Reply