Քրիստոնէութիւն քարոզողները հալածելու փաստաթուղթը՝ Տինքի սպանութեան դատի թղթածրարին մէջ

ՏինքՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթը փետրուար 24ին հաղորդած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեանց թղթածրարներու միացման ընթացքին երեւան հանուած է նաեւ փաստաթուղթ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ երկրի Ազգային ապահովութեան խորհուրդը որոշած էր պայքարիլ քրիստոնէութիւն քարոզողներուն դէմ ու ամէն կերպով արգիլել քրիստոնէութեան քարոզչութիւնը։

Տինքի սպանութեան դատավարութեան այդ շրջանի դատախազ, իսկ ներկայիս խոյս տուած Մուամմեր Աքքաշը ուզած էր, որ քննարկուի Ազգային ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ընդունուած կանոնագրութիւն մը, որ թղթածրարին մէջ դրուած է իբրեւ «պետական գաղտնիք»։ Անոր տուեալներուն համաձայն՝ 2002էն սկսեալ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը պահանջած է «անհրաժեշտ միջոցառումներ» որդեգրել աւետարանչական շարժումին դէմ, որ երկրին մէջ հետզհետէ առաւել կը ծաւալի։ Այս ուղղութեամբ նախատեսուած են բազմաթիւ միջոցառումներ, որոնց կարգին են հետեւեալները.
– Դժուարացնել կամ արգիլել բնակարաններու կամ նման այլ վայրերու մէջ աղօթատեղիներու բացումը.
– Օտարներու կողմէ երկրին մէջ բացուած վարժարաններուն մէջ արգիլել կրօնական պաշտամունքի արարողութիւնները.
– Դժուարացնել քրիստոնէութեան քարոզչութիւնը մամուլով, գիրքերով, համացանցով, ձայնասփիւռով, պատկերասփիւռով եւ շարք մը այլ միջոցներով իրականացնելու փորձերը.
– Արգելքներ դնել աղէտներու պարագային մարդասիրական օժանդակութիւն կատարելու պատրուակին տակ՝ քրիստոնէութեան քարոզչութիւն ընողներուն առջեւ.
– Քրիստոնէութեան քարոզչութիւնը արգիլել որբերու կամ յատուկ սպասարկութեան կարօտ մանուկներու համար բացուած ճամբարներուն եւ հաւաքներուն ընթացքին.
– Հակակշիռի տակ առնել այն ուսուցիչները, ուսանողները, գիտնականները եւ լրագրողները, որոնք ուսումնասիրութիւններ պատրաստելու նպատակներով Թուրքիա կու գան ու կրօնական քարոզչութիւն կ՛ընեն.
– ՄԻԹը եւ ներքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է հետեւողական կերպով հետապնդեն համալսարաններէն ներս պաշտօն ստանձնած օտար դասախօսներու գործունէութիւնը։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ