Հրանդ Տինքի սպանութեան միացեալ դատին առաջին նիստը` 19 ապրիլին

Հրանդ Տինք«Ակօս» թերթի կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Պոլսոյ 14-րդ եղեռնադատ ատեանը Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչուած միացեալ դատավարութեան առաջին նիստի թուական ճշդած է 19 ապրիլը:

Վճռաբեկ ատեանի քրէական 5-րդ բաժինի անցեալ ամսուան որոշումով, ոճրագործութիւնը եւ այդ ոճիրին մէջ 26 ամբաստանեալներով պետական պաշտօնեաներու ունեցած դերակատարութիւնը քննող երկու թղթածրարները միացուած էին, իսկ անոնց վերաբերեալ դատ արձակելու պաշտօնը յանձնուած էր 14-րդ եղեռնադատ ատեանին:

Ատեանը որոշած է դատական նիստ գումարել 19-21 ապրիլ, Չաղլայեանի արդարութեան պալատի մեծ սրահին մէջ:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալա խորհրդարանին մէջ պատասխանած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի կողմէ Տինքի սպանութեան գծով ուղղուած մէկ հարցումին: Փայլան հարցուցած էր, թէ ինչո՞ւ չէ պաշտօնազրկուած ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ Էնկին Տինչը, որ կ՛ամբաստանուի այդ ոճիրին մասին ստացած տեղեկութիւնները իր պետերուն չփոխանցելու յանցանքով: Նախարարը պատասխանած է, թէ Տինչ ոճիրէն առաջ արդէն իսկ հեռացած էր այդ պաշտօնէն: «Մեր գնահատումով, թերացում մը չենք տեսած. եթէ տեսնէինք, արդէն այդ պաշտօնին վրայ չէր մնար», պնդած է նախարարը:

HTTP://WWW.AZTAGDAILY.COM/ARCHIVES/282068

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ