Միշիկընի խորհրդարանը վաւերացուց Ցեղասպանութեան դասաւանդման բանաձեւը

Միշիկընի ԽորհրդարանըԼԵՆՍԻՆԿ, Միշիկըն.- Երեքշաբթի, փետրուար 23ի երեկոյեան, Միշիկընի նահանգային խորհրդարանը վաւերացուց պետական վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզման դասաւանդումը պահանջող թիւ 4493 բանաձեւը:

Միշիկընի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ խորհրդարանականներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը (110էն 84ը) բանաձեւին կողմ քուէարկած է։ Այժմ բանաձեւը պէտք է վաւերացուի նահանգային Ծերակոյտին կողմէ։
Բանաձեւը ներկայացուած է Միշիկընի նահանգային խորհրդարանի անդամ Քլինթ Քեսթոյի կողմէ։

Հայոց Ցեղասպանութեան կր-թական յանձնախումբի ատենապետ Էտ Յարութիւնեան ողջունեց այս որոշումը՝ միաժամանակ շեշտելով, որ համայնքի զանազան հայկական եկեղեցիներն ու կազմակերպութիւնները համագործակցած էին այս բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու նպատակով։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ