Հայաստանի քաղաքական շրջանակները պիտի զայրանան

ՄարմարաԻրան պատուիրակութիւն ղրկեց իզմիրի հակահայ համագումարին

Մամուլը երկու օրէ ի վեր մասնաւոր կարեւորութիւն ընծայելով կը հաղորդէ, թէ Իրան, առաջին անգամ ըլլալով, պատուիրակութիւն մը ղրկեց Հայկական ցեղասպանութեան պնդումը մերժող համագումարի մը։ Այսպէս՝ Իրան, որ Հայաստանի հետ բարեկամական սերտ կապեր ունի, կերպով մը Հայաստանի դէմ դիրք գրաւած եղաւ՝ մասնակցելով հայկական պնդումները մերժող համագումարի մը։ Այս համագումարը ինքզինք Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն (ԱՍԻՄՏԷՐ) կոչած ծանօթ միութեան կողմէ կազմակերպուած էր Իզմիրի մէջ 19-20 Փետրուարին։ Այս համագումարը իր տեսակին մէջ երկրորդն էր, քանի որ առաջինը կազմակերպուած էր Ատրպէյճանի մէջ։ Համագումարը պիտի կրկնուի ուրիշ երկիրներու մէջ ալ։ Համագումարի մասնակցողները կը քննարկեն «Սէօզտէ» ցեղասպանութեան պնդումները, բռնագրաւուած հողամասերը (Հաւանաբար կ՚ակնարկուի Ղարապաղի) եւ այլ հարցեր։

Այս աշխատաժողով-համագումարին մասնակցեցան Ատրպէյճան, Թուրքիա, Ղազախստան, Պուլկարիա, Թաթարիստան, Աֆղանստան եւ Վրաստան, որոնցմէ եկան մօտաւորապէս 80 կազմակերպութիւններ։ Մասնաւոր ուշադրութիւն գրաւեց այն պարագան, թէ այս համագումարին պատուիրակութիւն ղրկեց նաեւ Իրանը, որ ընդունած է, թէ Օսմանեան շրջանին ցեղասպանութիւն մը գործադրուեցաւ հայերու դէմ։

Այս կէտին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց ԱՍԻՄՏԷՐ-ի Նախագահ Կէօքսէլ Կիւլպէյ, որ մասնաւորաբար շեշտեց, թէ Իրան շատ լաւ յարաբերութիւններ կը պահէ Հայաստանի հետ։

«Սա պահուն Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի դռները փակ են Հայաստանի։ Վրաստանն ալ Ռուսաստանի պատերազմի հետեւանքով սկսաւ փակել իր դռները, չ՚արտօներ որ առաջուան չափ հանգիստ անցնին հայերը։ Մնաց միայն Իրանի դուռը։ Տրուած ըլլալով, որ Հայաստան Ռուսաստանի դաշնակիցն է, եւ Իրանն ալ բարեկամական կապեր ունի Ռուսաստանի հետ, Իրան շատ տաք կապեր կը պահէ Հայաստանի հետ։ Ուրեմն՝ առաջին անգամ է, որ Իրան պատուիրակութիւն մը կը ղրկէ Հայկական ցեղասպանութեան պնդումներու նիւթին մէջ։ Ասիկա մեզի համար մեծ յաջողութիւն եւ ուրախութիւն է, որովհետեւ մենք շատ կ՚ուրախանանք՝ տեսնելով, որ մասնաւորաբար հայկական հարցի մէջ Իրան մեր կողքին կը կանգնի»,- ըսաւ ԱՍԻՄՏԷՐի նախագահը։

Աւելին կայ։ ԱՍԻՄՏԷՐի նախագահը ըսաւ, որ Իրան առաջարկած է, որ այս համագումարին յաջորդը կայանայ Իրանի Թաւրիզ քաղաքին մէջ։ Կիւլպէյ աւելցուց, որ ուրեմն յաջորդ համագումարը կրնայ կազմակերպուիլ Հայոց կեղծ ցեղասպանութեան յիշատակութեան օրը, եւ ասիկա իր մասնաւոր նշանակութիւնը կ՚ունենայ։

Ըստ ԱՍԻՄՏԷՐի նախագահին՝ Իրանի պատուիրակութիւնն ալ ընդունած է, որ Ղարապաղը Ատրպէյճանական հողամաս է, ու այս հարցով զբաղելու համար մասնաւոր կոմիտէ մը պիտի հիմնուի։

ԱՍԻՄՏԷՐ-ի նախագահը մասնաւորաբար շեշտեց, որ Իրանի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը հիմա մեծ զայրոյթ պիտի յառաջացնէ Հայաստանի քաղաքական կարգերէն ներս։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ