Իզմիրի մԷջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման թեմայով ժողովին մասնակցած է նաեւ Իրանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը

Միջազգային անհիմն պնդումներըԾայրայեղ հայատեաց կեցուածքով յայտնի թրքական «Ասիմտեր» կազմակերպութեան կողմէ Փետրուար 19-20-ին Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքին մէջ գումարուած աշխատաժողովին մասնակցած է նաեւ իրանական պատուիրակութիւնը: Թեման եղած է «Միջազգային անհիմն պնդումները, բռնագրաւումը եւ ահաբեկչութիւնը»: Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը:

Ըստ թրքական «Vatan» թերթի կայքի` աշխատաժողովին մասնակցած են 80 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ` Ատրպէյճանէն, Թուրքիայէն, Ղազախստանէն, Պուլկարիայէն, Թաթարստանէն, Աֆղանստանէն, Վրաստանէն եւ Իրանէն:

Աղբիւրը կը նշէ, որ աշխատաժողովին ընթացքին մասնակիցները անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան եւ ղարաբաղեան հիմնահարցերուն եւ շարք մը այլ թեմաներու:

Հայատեաց կազմակերպութեան ղեկավար Կեոքսել Կիւլպէյը յայտարարած է, որ Իրանը առաջին անգամ է իրենց կազմակերպած ձեռնարկին պաշտօնական պատուիրակութիւն կ’ուղարկէ:

«Ատիկա մեզի համար մեծ յաջողութիւն է,- նկատել տուած է Կիւլպէյը,- եւ ուրախանալու առիթ, քանի որ մեզի շատ կ’ուրախացնէ այն հանգամանքը, որ Իրանի հետ մեր յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին այդ երկիրը մեր կողքին է այսպես կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ»:

http://www.yerakouyn.com/?p=100676

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ