Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նախագիծը պիտի մտնէ Քնեսեթի լիագումար նիստի օրակարգ

Իսրայէլի ՔնեսեթՅառաջիկային պարզ պիտի դառնայ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նախագիծը երբ պիտի մտնէ Իսրայէլի Քնեսեթի լիագումար նիստի օրկարագ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւանը:

«Մենք այժմ կ՝աշխատինք յստակ ժամկէտ ճշդելու ուղղութեամբ: Կ՝ակնկալենք, որ յառաջիկային ատիկա պարզ պիտի դառնայ: Ինչպէս գիտենք, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նախագիծը քննարկուած է Քնեսեթի Կրթութեան մշակոյթի եւ սփորթի հարցերով յանձնաժողովին կողմէ եւ հիմա կը սպասենք, որ անիկա ներառուի լիագումար նիստի օրակարգ եւ քննարկուի»,- ըսած է Յակոբ Սեւանը:

Ան նկատած է, որ Իսրայէլի մէջ կը նկատուին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին հետ կապուած դրական իմաստով փոփոխութիւններ: «Իսրայէլի Քնեսեթի մօտեցումներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին հետ կապուած վերջին տարիներուն բաւական առաջընթաց կ՝արձանագրուի: Մենք կ՝աշխատինք տարբեր հարթութիւններու վրայ, տարբեր մակարդակներով: Մասնաւորապէս, աշխատանք կը տարուի այն պատգամաւորներուն հետ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով դրական կեցուածք ունին»,- ըսած է Յակոբ Սեւան: Անոր խօսքով, կը նկատուի, որ այդպիսի պատգամաւորներու շրջանակը կը մեծնայ: Յակոբ Սեւան նաեւ բաւական դրական գնահատած է գիտական հաստատութիւններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով կազմակերպուած գիտաժողովները եւ այլ նախաձեռնութիւնները:

http://www.yerakouyn.com/?p=100539

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ