Անկելա Մերքել Էրտողանէն պահանջած է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Անկելա Մերքել ԷրտողանԹուրքիոյ նախագահին եւ Գերմանիոյ վարչապետին հանդիպման ժամանակ Անկելա Մերքել Էրտողանէն պահանջած է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ բանալ հայ-թրքական սահմանը: Ըստ Armarlur.com-ի՝ թրքական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ Ցեղասպանութեան մասին թեման բացած է Էրտողանը` Մերքելին սպառնալով, որ եթէ Գերմանիան 1915-ի դէպքերուն 100-րդ տարելիցի առիթով գումար յատկացնէ Հայաստանին` ինչպէս որ կը նախատեսուի, ապա ատիկա կրնայ վատ հետեւանքներ ունենալ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն համար:

Թուրքիոյ նախագահը սպառնացած է Գերմանիոյ վարչապետին` ըսելով, որ ան պէտք է զգուշանայ այդ քայլերու հետեւանքներէն, ինչ որ զայրացուցած է Մերքելը: Ան դիմելով Էրտողանին` յայտարարած է. «Գերմանիան ժողովրդավարական երկիր է, մի միջամտէք: Թուրքիան պէտք է առերեսուի պատմութեան հետ եւ բանայ Հայաստանի հետ սահմանը: Սահմանի փակ ըլլալուն պատճառով Հայաստանի հայերը դժուար իրավիճակի մէջ յայտնուած են»:

Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ Թուրքիոյ ճնշելու կոչով հանդէս եկած են նաեւ Ֆրանսիայի մէջ: Փարիզի քաղաքապետի թեկնածու Ան Իտալկոն յայտարարած է, որ Թուրքիան Եւրոմիութեան կը կարենայ անդամակացիլ միայն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն ետք:

http://www.yerakouyn.com/?p=100443

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ