Մեր նպատակը Սուրբ Կարապետ հայկական վանքի տարածքը յարակից շինութիւններէն ազատելն է. Ազիզ Տաղճը

Ազիզ Տաղճը«Սասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Սթամպուլի հայերու հասարակական օգնութեան, համերաշխութեան մշակութային միութեան» գումարած համագումարին ժամանակ միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղճըն վերընտրուած է իր պաշտօնին:

Վկայակոչելով թրքական «Milliyet» թերթը` Ermenihaber.am կը հաղորդէ, թէ նախորդ շաբաթ գումարուած համագումարին մասին տեղեկացուցած է Ազիզ Տաղճըն` տարածելով գրաւոր յայտարարութիւն:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ միութիւնը կը շարունակէ աշխատանքները եւ այս տարուան առաջնային խնդիրը պիտի ըլլայ Մուշի Իւքարը Եոնկալը գիւղի Սուրբ Կարապետ հայկական վանքի տարածքը յարակից շինութիւններէն ազատելը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ սկսիլ վանքի վերականգնման աշխատանքները: Վանքի տարածքին կայ 48 կացարան եւ 6 խոտամբար:

Սբ. Կարապետի վանքապատկան տարածքին նման շինութիւններու առկայութիւնը Ազիզ Տաղճըն վիրաւորական կը համարէ հայկական համայնքին համար:
«Այս խնդիրով մենք նախապէս դիմած ենք տարբեր նախարարութիւններու եւ Թուրքիոյ խորհրդարանին: Մեր դիմումներուն պատասխան տրուած է: Յոյս ունինք, որ այս տարի վանքը պիտի ազատուի անոնցմէ: Յետոյ արդէն կարճ ժամանակի մէջ կը սկսինք վերականգնման աշխատանքները»,- ըսուած է Տաղճըի տարածած յայտարարութեան մէջ:

http://www.yerakouyn.com/?p=100428

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ