ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Փետրուար 18ին, Պաքուի մէջ պիտի կայանար Ատրպէյճան-Թուրքիա ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հերթական նիստը, որուն մասնակցելու նպատակով Ատրպէյճանի մայրաքաղաք պիտի ժամանէր նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ սակայն Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին պատճառով որոշեց իր այցը յետաձգել:
Պաքուի մէջ կայացած բանակցութիւններուն մասին արտայայտուելով՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, ակնարկելով Հայաստանը շրջանցող Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին՝ ըսած է. «Յոյս ունինք, որ Պաքու-Կարս երկաթուղին շահագործման կը յանձնուի մինչեւ այս տարեվերջ»։
Ան Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովին հետ քննած է նաեւ Արցախի հակամարտութեան լուծում մը գտնելու կարելիութիւնները։
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը շարունակեն միեւնոյն մօտեցումը որդեգրել։ Միջազգային հարթակներու վրայ, Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ համատեղ կը գործէ: Մենք համատեղ կը գործենք բոլոր հարցերուն պարագային, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Asbarez.com
Leave a Reply